ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Մայիս 19ին Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ, 12 երիտասարդ հայ գիտնականներ՝ 150.000ական դրամով պարգեւատրուեցան իրենց գիտական աշխատանքներուն համար:
Ըստ ՀՀ սփորթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Արսէն Քարամեանի, նշեալ մրցոյթը թէեւ կ՛իրականացուէր առաջին անգամ ըլլալով, սակայն անիկա կը յաւակնի կրել շարունակական բնոյթ:
«Մենք շատ կարեւորում ենք պետական երիտասարդական քաղաքականութեան ոլորտում երիտասարդների գիտութեան մէջ ներգրաւուածութեան խնդիրը, որը թիրախային հարց է: Հասարակութիւնը պէտք է տեսնի, որ գիտութեամբ զբաղուող երիտասարդը յարգուած ու պահանջուած է մեր պետութիւնում», ընդգծեց Արսէն Քարամեան:
Ծրագրին նպատակն է օժանդակել Հայաստանի մտաւոր ներուժի առաւել արդիւնաւէտ օգտագործման, ներդնել երիտասարդ գիտնականներու տեսական եւ կիրառական նշանակութիւն ունեցող լաւագոյն նախագիծերու բացայայտման միասնական համակարգ: «Գիտութիւնն էլիտար զբաղմունք է, այլ ոչ թէ մասսայական: Ես ուրախ եմ ու միաժամանակ հպարտ այսօրուայ համար, որովհետեւ այս երիտասարդներն իրականում ազնուաբարոյ գործ են անում մեր ծանր ժամանակներում աքթիւօրէն զբաղուելով գիտութեամբ»,- նշեց ԵՊՀ ղեկավար Արամ Սիմոնեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.