ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինանաու».- Մայիս 19ին «Կանանց ռեսուրս կենտրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը (ՀԿ)՝ Նուպարաշէն եւ Էրեբունի վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մօտ կազմակերպած էր բողոքի ցոյց մը՝ պահանջելով առաւելագոյնս խիստ պատիժ սահմանել Նուպարաշէնի գիշերօթիկ դպրոցի ուսուցիչ, մեղադրեալ Լեւոն Աւագեանի հանդէպ, որ կը մեղադրուի աշակերտներուն հանդէպ սեռական ոտնձգութիւններ իրականացնելու մէջ:
Ըստ նշեալ կազմակերպութեան՝ կայացուած 1.5 տարուան դատավճիռը՝ բաւական մեղմ պատիժ է մանկապիղծ Աւագեանի իրականացուցած նման յանցագործութեան համար:
«Ուզում ենք յիշեցնել, որ Հայաստանը ստորագրել եւ վաւերացրել է ՄԱԿի Երեխայի իրաւունքների մասին համաձայնագիրը: Սակայն երեխաների նկատմամբ սեռական ոտնձգութիւնների եւ բռնութիւննների նկատմամբ մեր այսպիսի անտարբեր վերաբերմունքով եւ մեղմ դատավճռով մենք ցոյց ենք տալիս, որ մեր երկիրը հանդուրժում է մանկապղծութիւնը եւ սեռական բռնութիւնը», յայտնած են կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.