ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Երեքշաբթի, Մայիս 18ի յետմիջօրէին, Դամասկոսի մէջ ընդունեց Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները։ Ասատ եւ Հարիրի քննեցին նաեւ լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուած երկկողմանի դրական զարգացումները եւ երկու երկիրներուն ու պետութիւններուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւններ հաստատելու դէմ դրուած բոլոր խոչընդոտները շրջանցելու կարելիութիւնները։
Ասատ եւ Հարիրի ընդգծեցին, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ սպառնացող մարտահրաւէրներուն դիմադրելու համար պէտք է սերտօրէն համագործակցիլ։ Ասատ Հարիրիին ներկայացուց Թուրքիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի Դամասկոս այցելութեան մանրամասնութիւնները։
Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ արագացնելու լիբանանեան-սուրիական գերագոյն յանձնախումբի աշխատանքները եւ կայացնելու մօտիկ ապագային հանդիպում մը ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.