ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 2008 Մարտ 1-2ի իրադարձութիւնները ուսումնասիրող փաստահաւաք խումբի նախկին ընդդիմադիր անդամներ Անդրանիկ Քոչարեանի ու Սեդա Սաֆարեանի զեկոյցը կը փաստէ, թէ պաշտպանութեան նախկին նախարար Միքայէլ Յարութիւնեանի գաղտնի հրամանով, Զինուած ուժերու (ԶՈւ) բազմաթիւ ստորաբաժանումներ Մարտ 1ին դուրս բերուած են տեղակայման վայրերէն եւ տեղափոխուած մայրաքաղաք ու յարակից վայրեր: Քոչարեան եւ Սաֆարեան յայտարարած են, որ փաստահաւաք խումբէն ներս իրենց աշխատանքի ընթացքին հայթայթած են նշեալ պնդումները հաստատող տեսաժապաւէն եւ լուսանկարներ:
Փաստահաւաք խումբի հարցումներուն ի պատասխան, Եուրի Խաչատուրով 2008 Նոյեմբեր 21ին հերքած էր Մարտ 1ի իրադարձութիւններուն մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան որեւէ ստորաբաժանումի մասնակցութեան հանգամանքը, իսկ Մարտ 1ին, Երեւանի մէջ նախարարութեան թուանիշներով բեռնատար մեքենաներու տեղակայումը բացատրած է այն հանգամանքով, որ այդ մեքենաները դրուած էին ոստիկանութեան տրամադրութեան տակ։
«Դա ապզուրտ է: Այդպէս չէ, որ բանաւոր հրամանով բանակի եղած-չեղածը տեղափոխւում է մէկ այլ ուժային կառոյց: Այդպիսի կարգ չէր կարող լինել», հակադարձելով յայտարարած է Անդրանիկ Քոչարեան եւ ընդգծած. «Առաւել եւս, որ մեր ձեռքի տակ փաստերը հիմք են տալիս ասելու, որ այդ թրանսփորթային միջոցների մէջ մենք տեսնում ենք բանակի համազգեստով զինուորականներ: Դա մեզ հիմք է տալիս մտածելու, որ Մարտի 1ի առաւօտեան համապատասխան բանակային ստորաբաժանումներին տեղափոխել են Երեւան տարբեր տեղերից»:
Անդրանիկ Քոչարեան եւ Սեդա Սաֆարեան յայտնած են նաեւ, որ այդպիսով հիմք կայ պնդելու, թէ խախտուած են Սահմանադրութեան եւ պաշտպանութեան օրէնքի համապատասխան դրոյթները, որոնք կ՛արգիլեն բանակի մասնակցութիւնը երկրի ներքաղաքական կեանքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.