ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- «Ոսկէ Ծիրան» 7րդ երեւանեան միջազգային շարժանկարի փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 11-18 ժամանակահատուածին։ Փառատօնին ներկայացուած է մօտ 500 դիմում՝ աշխարհի 75 երկիրներէ։ «Ուրախալի է, բայց կարող ենք ընտրել ամենաշատը 100-120 ֆիլմ», Մայիս 20ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան:
Փառատօնին պիտի ներկայացուին Միջազգային խաղարկային, Միջազգային վաւերագրական շարժանկարներ եւ Հայկական համայնապատկեր:
Այս տարի, փառատօնի ընթացքին, յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի հայ շարժապատկերի քանի մը նուիրեալներու՝ տօնելով բեմադրիչ Հենրիկ Մալեանի 85, դերասաններ Մհեր Մկրտչեանի եւ Խորէն Աբրահամեանի 80ամեայ յոբելեանները, Ալբերտ Եաւուրեանի 75ամեակը, ինչպէս նաեւ աշխոյժ դերասան Արմէն æիգարխանեանի 75ամեակը:
Հայկական շարժանկարի արժեւորման ուղղուած են նաեւ 2 սփիւռքահայ բեմադրիչներու՝ Հանրի Վեռնոյի 90, եւ Ատոմ Էկոյեան 50 ամեակներուն նուիրուած յատուկ ծրագիրներ:
Փառատօնի տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան յայտնած է, թէ փառատօնը պիտի բացուի Հանրի Վեռնոյի «Մայրիկ» շարժապատկերով:
Մ. Ստամբոլցեան յայտնած է, որ այս տարի եւս պիտի կայանայ համաշխարհային շարժապատկերի քանի մը անուանի բեմադրիչներու յետահայեաց ցուցադրութիւններ, ինչպէս նաեւ պիտի իրականանայ յատուկ ռուսական ծրագիր՝ նուիրուած Յաղթանակի 65ամեակին:
Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, իր հերթին, յայտնած է, որ իւրաքանչիւր տարի ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ բոլորը կը սպասեն հայկական այս փառատօնին։ Ըստ նախարարին, ամբողջ աշխարհին մէջ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնին հանդէպ հետաքրքրութիւնը աւելցած է։ «Սա նշանակում է, որ փառատօնը վաղուց դուրս է եկել Հայաստանի աշխարհագրական սահմաններից, մեծ հնչեղութիւն ունի արտերկրում: Մշակութային կեանքի համար չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն է», ըսած է Յասմիկ Պօղոսեան:
Նշենք, որ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնը կ՛իրականանայ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.