ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական բաժանմունքին այցելու դասախօս դոկտ. Աբրահամ Տէրեան հանրային շարք մը դասախօսութիւններ տուած է:
Անոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ Ապրիլ 29ին, որուն նիւթն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան նուազ ծանօթ զոհերը»:
Ան խօսեցաւ, օրինակի համար, հեղինակ Ինտրայի (Տիրան Չրախեան) մասին, որ զոհ չգնաց Ցեղասպանութեան, սակայն անոր ականտես ըլլալով դադրեցաւ գրելէ: Նոյնն էր պարագան Կոմիտաս վարդապետին, որուն ստեղծագործական կեանքը կասեցաւ տարագրութեան եւ Ցեղասպանութեան ականատես ըլլալուն պատճառով:
Դասախօսը նաեւ նշեց հայ կղերականներուն եւ հայկական եկեղեցիին կրած հսկայ վնասները, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ արեւմտահայերէնին եւ ընդհանրապէս մշակոյթին կրած վնասներուն մասին: Ան յատուկ ուշադրութեան առարակայ դարձուց նաեւ իսլամացած հայերուն պարագան:
Մարտ 11ին, դոկտ. Աբրահամ Տէրեան դասախօսութիւն մը տուած էր նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած գրականութեան մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.