ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Հայ Դատ յանձնախումբը կազմակերպած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուդի նորընտիր անդամ Փօլ Գրիգորեանի հետ ընթրիք-զրոյց մը, որու ընթացքին Գրիգորեան պիտի խօսի տեղականէն մինչեւ դաշնակցային մակարդակի հանրային սպասարկութեան մարզին մէջ պաշտօնավարելու կարելիութեանց մասին:
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Մայիս 26ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի «Phonecia» ճաշարանին մէջ:
Կանխաւ տեղեր ապահովողներուն համար մուտքի սակը 35 տոլար է, իսկ տեղւոյն վրայ՝ 40 տոլար:
Տեղեր ապահովելու համար այցելել Itsmyseat.com համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.