ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անցեալ Կիրակի օրուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն տեղւոյն վրայ հետեւող Սլովաքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանթիշեք Միլոշկօ երէկ, Երեւանի «Հայելի» ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ նոյնսիկ Եւրոպայի մէջ Արցախի նման արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ չեն կատարուիր:
Սլովաքիոյ խորհրդարանի նախկին նախագահ, այժմ նոյն խորհրդարանի անդամ Միլոշկոյի համոզումով, Լեռնային Ղարաբաղը արդէն կայացած պետութիւն է. այնտեղ Եւրոմիութեան պահանջներուն համապատասխան ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, հետեւաբար, եւրոպական կառոյցները պէտք է, որ ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախ պետութիւնը:
Ֆ. Միլոշկօ վկայեց, թէ ԼՂ ընտրութիւնները տեղի ունեցան ազատ, ժողովրդավարական, հանգիստ իրավիճակի մէջ: Միլոշկօ նաեւ յայտնեց, որ շուտով Եւրոպական կառոյցներու քննարկման պիտի ներկայացուի Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման իր առաջարկած տարբերակը, որ հիմնուած է Բենիլիւքսի տարբերակին վրայ եւ որ կ՛առաջարկէ Հայաստանը, Ատրպէյճանն ու Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկել Եւրոմիութեան կազմին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.