ԱԹԷՆՔ.- Օգոստոս 17ին, Աթէնքի Թերավայպ Փարք (Terravibe park) ամառնային համերգներու վայրէն ներս, երաժիշտ Սերժ Թանքեան ելոյթ պիտի ունենայ՝ ներկայացնելով իր վերջին՝ «Elect the dead» գործը:
«Սիսթըմ աֆ է Տաուն» ռոք երաժշտական խումբի երգիչին ելոյթը կը սպասուէր Յունաստանի մէջ հայ թէ յոյն իր բազմահարիւր համակիրներուն կողմէ:
Նշենք, որ իր ալպոմի համաշխարհային ներկայացման ծիրէն ներս, Սերժ Թանքեան անցեալ տարուան Մարտին ելոյթ մը ունեցած էր Նիւ Զելանտայի մէջ, ուր արտասովոր կերպով մեկնաբանած էր իր յօրինումները Օքլընտի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ: Այդ ելոյթը ձայնագրուած էր եւ այս ամիս հրապարակ ելած՝ CD եւ DVD տարբերակներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.