Ապրիլ ամիս մը եւս ապրեցաւ հայ ժողովուրդը եւ անգամ մը եւս յիշեց տխուր անցեալը՝ մղկտաց հին ցաւերով, սակայն խայտաց անոր սիրտը, ի տես հազարաւոր երիտասարդներու՝ իր նոր սերունդներուն, որոնք ի սփիւռս աշխարհի վերանորոգեցին իրենց հայ ապրելու ուխտը, հայութիւնը պահելու կամքը։
«Մերտինեան» հայ աւետարանական վարժարանէն ներս Ապրիլ ամիսը անցաւ այլազան գործունէութիւններով, բոլորն ալ նուիրուած 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան՝ 1915ի Մեծ Եղեռնի 95րդ ամեակին: Աշակերտները իբրեւ համազգեստ հագուեցան 95ամեակի թեմայով «Մերտինեան» վարժարանի համար պատրաստուած շապիկներ։
Ապրիլ 15-16ին տեղի ունեցաւ վարժարանիս «Պատանի հեղինակներու գործեր» ցուցահանդէսը։ Առաջինէն մինչեւ 8րդ կարգի իւրաքանչիւր աշակերտ գրեց երկու «գիրք»՝ հայերէնով եւ անգլերէնով, նիւթ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը, կամ՝ արդարութիւն ու պահանջատիրութիւն: Գիրքերը կարդացուեցան եւ դատուեցան այլ վարժարաններու ուսուցիչներու կողմէ, եւ մրցանակներ ստացան Ա.,Բ.,Գ. տեղ գրաւող եւ մասնաւոր յիշատակութեան արժանի աշակերտներ։
Ապրիլեան յուշահանդէսը պատրաստուած էր վարժարանի Հայկական բաժանմունքին կողմէ եւ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 22ի կէսօրէն ետք՝ աշակերտութեան համար, իսկ երեկոյեան՝ ծնողաց եւ հիւրերու։ Ձեռնարկը բացառիկ կերպով տպաւորեց ներկաները, որոնցմէ շատեր, ինչպէս մասնակցող աշակերտները իրենք, ապրեցան հպարտութեան, տխրութեան եւ հրճուանքի անզուգական պահեր։ Առաջին հերթին, սրահէն մուտք գործեցին եւ տողանցեցին հայկական չորս թագաւորութիւններու դրօշակները՝ տարազաւոր դրօշակակիրներով։ Ցեղասպանութեան պատկերը ներկայացուցին նախ 7 ուրուականներ՝ իւրաքանչիւրը տարբեր շրջաններէ եկած: Անոնք հարազատօրէն պատմեցին հայ ժողովուրդին տառապանքն ու ջարդը: Անոնց հետեւեցաւ գաղթականներու խումբ մը՝ հաց ու ջուր խնդրելով աջէն ու ձախէն, ապա «Տէ՛ր, Ողորմեա՛»ի մեկնաբանական մենապար մը կատարուեցաւ։ Ներկաները արցունքոտ աչքերով դիտեցին այս բոլորը։
Վերջին պատկերը սակայն հրճուանքով լեցուց բոլորին սրտերը։ «Երբ չի մնում ելք ու ճար՝ խենթերն են գտնում հնար» երգով թնդաց սրահը, երբ մուտք գործեցին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները, ապա, ուրուականները իրենց քօղերը մէկդի նետելով՝ պարով մը ներկայացուցին հայ ժողովուրդին վերածնունդը։ Ձեռնարկը փակուեցաւ տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիկեանի գնահատանքի խօսքերով։
Սոյն ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուած էին վարժարանի աշակերտներուն արուեստի գործերը։ Երրորդէն մինչեւ 8րդ կարգի աշակերտները անխտիր, գծագրութիւններով մասնակցեցան ցուցահանդէսին, կրկին անգամ նիւթ ունենալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը կամ հայ ժողովուրդի վերականգնումը։ Ներկաները հրճուանքով դիտեցին մանուկներու ձեռքով պատրաստուած արուեստի գործերը։
Ապրիլ 25ին, վարժարանիս երգչախումբը մասնակցեցաւ Հայ աւետարանական միութեան կողմէ կազմակերպուած 95ամեակի միացեալ պաշտամունքին, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Միացեալ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ Մեր փոքրիկները իրենց անմեղ ձայները բարձրացնելով առ Աստուած՝ կրկին անգամ իրենց հաւատքը ամրացուցին։
Վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մայիս 5ին, որ հայոց պատմութեան մրցոյթ մըն էր, որուն մասնակցեցաւ 5-8րդ կարգերու աշակերտներէն 27 հոգի՝ 9 խումբերով։ Անոնք սորված էին սկիզբէն մինչեւ ներկայի հայոց պատմութեան վերաբերող 250 հարցում-պատասխաններ։ Մրցոյթը տեւեց աւելի քան մէկ ժամ, որուն ընթացքին մասնակիցները փաստեցին, թէ լաւ կը ճանչնան իրենց ազգին պատմութիւնը, հետեւաբար պատրաստ են կերտելու անոր ապագան։
Այսպէս, «Մերտինեան»ը Ապրիլը անցուց հայ վարժարանի առաքելութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)