ՔԱԹԱՐ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարար Նիհաթ Էրկիւն յայտնեց, որ Անգարա պատրաստ է հարկաւոր օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի արաբական գործարարներու եւ թրքական ընկերութիւններու միջեւ յարաբերութիւններ հաստատուին ու զարգանան, նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ արաբական ներդրումներուն դիմաց «դուռը լայնօրէն բաց է»։
Խօսք առնելով Քաթարի մէջ Արաբական ճարտարարուեստի միջազգային համագումարին ընթացքին, Էրկիւն յայտնեց, թէ Թուրքիա իր դրացիներուն հանդէպ «զերօ հարցեր» քաղաքականութիւնը կը կիրարկէ, եւ այժմ «առաւելագոյն գործակցութիւն» քաղաքականութեան ձեռնարկելու ընթացքին մէջ է։
Էրկիւն հանդիպում ունեցած է նաեւ Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Համատ պըն Ճասեմ պըն Ճապեր Թանիի հետ։ Այս վերջինը յայտնած է, թէ թրքական ընկերութիւններ մինչեւ օրս Քաթարի մէջ ութ միլիառ տոլար արժողութեամբ աշխատանք կատարած են, յոյս յայտնելով, որ այդ գումարը տասը միլիառ տոլարի բարձրանայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.