Սովորական, պատահական կամ ձեւական միասնականութեան մասին չէ խօսքը:
Անկարելի պայմաններու տակ յաղթանակ ապահովելու անհրաժեշտ, ուժական միասնութիւնն է, զոր կարելի է բնութագրել իբրեւ սարդարապատեան:
Անելանելի վիճակներու մէջ ելք գտնող միասնութիւնն է այդ, որ կրնայ միաձուլել մեր բոլոր կոտորակները եւ կուտակելով՝ զանոնք վերածել բազմապատիկ անգամ աւելի քան իրենց սոսկ մեքենական գումարը:
Մեր պատմութիւնը, դժբախտաբար, այնքան ալ բազում օրինակներ չունի սարդարապատեան միասնականութեան: Կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ Սարդարապատի ճակատամարտը, ինքնին, անհամեմատելի է մեր պատմութեան որեւէ հերոսական սխրանքի հետ, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք մեր ազգին վիճակը այդ ժամանակաշրջանին, համատարած թշուառութիւնը, սովը, յուսաբեկումը, գաղթական ու տարագիր մնացորդացի անոյժ գոյութիւնը:
Սարդարապատեան միասնականութիւնը անհաւանականը, աներեւակայելին իրականացնելու կախարդանքը, գաղտնի հմայքը կը պարունակէ, եւ եթէ կ՛ուզենք զայն վերականգնել, անհրաժեշտ է խորազննին հայացքով քննենք մեր խայտաբղէտ առօրեան՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները, վերարժեւորենք մեր ներազգային յարաբերութիւնները, մեր ազգային առաջնահերթութիւնները ու զանոնք իրականացնելու կոչուած ծրագիրներն ու միջոցները:
Սարդարապատը ու զայն իրականութիւն դարձնող համազգային միակամութիւնը, միաբազուկ էութիւնը կրնայ իր նախընթացը չունենալ մեր պատմութեան մէջ, սակայն մեր առջեւ շատ մօտիկ իսկ ապագային կրնայ ծառանալ սարդարապատեան հնարք գտնելու մարտահրաւէրը՝ արցախեան ճակատի վրայ:
Պարտութիւններով, օտարներու ոտքի տակ տրորուելու դրուագներով ողբեր հիւսած մեր քաղաքական մշակոյթը ճակատագրապաշտ վերաբերումով կրնայ ինքզինք հանգիստ պահել, չտեսնել ձեւացնել դարանակալ սպառնալիքը եւ չհասկնալու տալ անոր իսկական տարողութիւնը:
Արցախի գլխուն հաւաքուող ամպերը պէտք է բաւարար զգուշացում ըլլան բոլորիս, թէ՝ չենք կրնար հանգիստ ըլլալ, չենք կրնար պառակտուած ու թշուռացած հոգեվիճակով յաղթական ճակատամարտի պատրաստուիլ, չենք կրնար սովորական զինավառումով ու ռազմարուեստով կուրծք տալ ընդդէմ անհամեմատ թիւով ու զէնք ու զրահով մեզ շրջապատած թշնամիներուն:
Արցախի համար, որ կը նշանակէ Հայաստանի համար, որ կը նշանակէ հայ ազգի գոյատեւման համար, պէտք է սարդարապատեան ոգին դարձեալ թեւածէ հայաշխարհի երկնակամարին վրայ ու այդ ոգին պէտք է դառնայ բռունցք, միասնական բռունցք, սարադապատեան բռունցք:
Նման բռունցք կարելի է դառնալ տարերայնօրէն՝ պահու պայմաններէն դրդուած: Այդպէս եղաւ Սարդարապատի մէջ, 1918ի Մայիսին, Արամ Մանուկեաններու ու զօրավար Սիլիկեաններու շունչով ու խօսքով (տես ներքեւը զօրավար Սիլիկեանի կոչը):
Այսօրուան պայմաններուն մէջ, մենք չենք կրնար տարերքին վստահիլ, չենք կրնար յուսահատութենէն ու կեանքի ու մահուան գուպարի լարումէն փնտռել յաղթանակելու ոգին ու միասնականութիւնը:
Այսօրուան պայմաններուն մէջ, պէտք է նպատակասլաց ազգային ռազմավարութեամբ կերտենք այդ միասնականութիւնը՝ սարդարապատեան միասնութիւնը:
===========================================================================================
Զօրավար Սիլիկեանի Կոչը՝ Հայ ժողովուրդին
1918 Մայիս 24ին, Սարդարապատի դաշտին վրայ գտնուող հայոց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Սիլիկեանը հետեւեալ կոչը ուղղած է ժողովուրդին.

Հայե՜ր, շտապեցէ՛ք հայրենիքն ազատելու:
Հասել է րոպէն, երբ իւրաքանչիւր հայ՝ մոռանալով իր անձնականը, յանուն Մեծ գործի՝ հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու աղջիկների պատուի պաշտպանութեան, պէտք է գործ դնի իր վերջին ճիգը՝ թշնամուն հարուածելու համար:
Մենք չէինք ուզում կռուել. յանուն խաղաղութեան ու հաշտութեան՝ պատրաստ էինք ընդառաջ գնալու ամէն տեսակ զոհողութիւնների, սակայն, մեր նամարդ թշնամին ընթանում է իր ծրագրած ուղիով. նա, ըստ երեւոյթին, ստրկացնել է ուզում մեզ, բայց, իրօք, ուզում է ոչնչացնել մեր բազմաչարչար ազգը: Բայց քանի որ պիտի ոչնչանանք, աւելի լաւ չէ՞, որ զէնքը ձեռներիս փորձենք պաշտպանել մեզ: Գուցէ, յաջողուի մեզ կռուով ձեռք բերել ապրելու իրաւունքը:
Իսկ որ մենք կարող ենք պաշտպանուել՝ այդ ցոյց տուին վերջին կռիւները մեր ճակատում, ուր մեզանից թուով գերազանց թշնամին նահանջի է դիմել մեր հերոսական գրոհի առաջ:
Հարկաւոր է մի ճիգ եւս, եւ թշնամին վռնտուած կը լինի մեր երկրի սահմաններից, ուր մեր պապերն ու հայրերը երկար տարիներ արիւն-քրտինքով աշխատել են գէթ մի կերպ հայթայթել իրենց օրուան ապրուստը:
Հայե՛ր, ժամանակ չէ դանդաղելու: Մինչեւ յիսուն տարեկան ունեցող բոլոր տղամարդիկ պարտաւոր են զէնքի տակ գալու. ես պահանջում եմ ամէնքից ներկայանալ իրենց զէնքերով ու փամփուշտներով, հայրենիքի պաշտպանութեան համար:
Հայուհինե՛ր, յիշեցէ՛ք հինգերորդ դարու փափկասուն տիկնանց, որոնք ոգեւորեցին իրենց ամուսիններին դէպի Մեծ Գործը, անմահ Վարդանի կռիւների ժամանակ. հետեւցէ՛ք նրանց օրինակին. եթէ չէք ուզում, որ ձեր պատիւը ոտնակոխ լինի, խրախուսեցէ՛ք այն վախկոտներին, որոնք զանազան պատրուակներով խուսափում են ճակատ գնալուց: Հաւաքեցէ՛ք ռազմամթերք, հաց, հագուստ եւ ուրիշ մթերքներ…
Ես խորապէս համոզուած եմ, որ իմ այս կոչը անարձագանգ չի մնայ, եւ երկու-երեք օրուան ընթացքում կը կազմակերպուի մի այնպիսի քաջարի զօրաբանակ, որին կը յաջողուի վռնտել թշնամուն հայրենի հողի սահմաններից եւ ապահովել հայ ժողովրդի գոյութիւնը:
Յանո՛ւն բազմաչարչար ժողովրդի ֆիզիքական գոյութեան,
Յանո՛ւն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան՝
Ոտքի՛ կանգնեցէք: Դէպի սրբազա՛ն պատերազմ…