ՊԸՐՔԼԻ.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին «Պենքրոֆթ» գրադարանը վերջերս նուէր ստացած է Ուիլեըմ Սարոյեանի հարիւրաւոր գիրքերու, գծագրութեանց, նամակներու եւ այլ առարկաներու հոյակապ հաւաքածոն, զոր հաւաքուած էր Սարոյեանի զարմիկին՝ Ժագլին Ղազարեանի կողմէ:
Ղազարեան նաեւ հիմնադիրն է Ուիլեըմ Սարոյեանի գրական միջազգային հիմնարկութեան, ու 1950ականներուն շրջանաւարտ եղած է Պըրքլիի համալսարանի հաղորդակցութեանց բաժանմունքէն: Ան կը յայտնէ, թէ Ուիլեըմ Սարոյեան փափաք յայտնած էր իր հաւաքածոն համալսարանին յանձնելու:
Գրադարանը արդէն իսկ Սարոյեանի գործերուն հարուստ հաւաքածոյ մը ունի, իսկ համալսարանէն ներս կը գործէ Հայագիտական ուսմանց ծրագիր մը:
Հաւաքածոն պահուած էր Սան Ֆրանսիսիքոյի մէջ գտնուող Սարոյեանի բնակարանին մէջ, որ ներկայիս թանգարանի վերածուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.