ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Կազայի մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող նաւերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումը նոր զինամթերք հայթայթած է ինքզինք միջազգային դերակատար մը դարձնելու նպատակով ջանք թափող Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար:
Մինչ Իրանի հիւլէական տագնապին կախարդական լուծում մը գտած ըլլալու մասին Թուրքիոյ կատարած յայտարարութիւններուն անհիմն ըլլալը արդէն իսկ հաստատուած է, Անգարա արդէն իսկ բազմաճակատ յարձակումի սկսած է՝ փորձելով ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ Թուրքիա միջազգային օրէնքի պաշտպան մըն է:
Վարչապետ Էրտողան այս յարձակումը «պետական ահաբեկչութիւն» յորջորջեց, մինչ նոյն ժամերուն թրքական բանակը նման ահաբեկչական միջոցառումներու կը դիմէր Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ՝ խախտելով նոյն միջազգային օրէնքները:
Վարչապետէն ետ չմնալով՝ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու յարձակումը «մարդկութեան պատմութեան վրայ մութ սեպ մը» նկատեց եւ աւելցուց, որ «նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին ոչ ոք կը յարձակի մանուկներու, կիներու, ծերերու, քաղաքայիններու, կրօնական պաշտօնատարներու եւ մարդասիրական օժանդակութեան աշխատանք տանողներու վրայ։ Նոյնիսկ բռնատէրներ, աւազակներ եւ ծովահէններ որոշ նրբազգացութիւն ունին։ Անոնք կարգ մը բարոյական սկզբունքներ կը յարգեն։ Բայց Իսրայէլ գրեթէ ամբողջ աշխարհի մարտահրաւէր կարդաց, երբ յարձակում գործեց 32 տարբեր երկիրներէ եկած կամաւորներ փոխադրող նաւերուն վրայ»։
Այս բոլոր ոտնակոխումներով մտահոգ նախարարին հովանիին տակ է, որ թուրքերու ձեռամբ իրականացուած գրեթէ նոյն ոճիրներու պատմութիւնը ծածկելու աշխատճանքը մինչեւ այսօր կը շարունակուի:
Նման կոչեր, եթէ նոյնիսկ գործնական արդիւնք չտան, կրնան առնուազն բարոյական արժէք ունենալ, միայն եթէ անոնք գան այնպիսի քաղաքական ղեկավարներէ, որոնք չեն ոտնակոխեր այն սկզբունքները, որոնցմով հիմա կ՛ամբաստանեն ուրիշներ:
Թուրքիոյ կեղծիքը բացայայտ է. ան այսօր «միջազգային իրաունքի պաշտպան»ի տարազը կը փորձէ հագուիլ, պարզապէս, որովհետեւ նման ամբաստանութիւններով կը փափաքի քաղաքական բաւարար դրամագլուխ ապահովել՝ իր անցեալի ու ապագայի ոճիրները արդարացնելու համար: