ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 31ին ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան գիտութիւններու ակադեմիոյ ակադեմիկոս, տնտեսագէտ Աբէլ Աղանբեկեանը, որուն հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի կենսագործունէութեան տարբեր ոլորտներու ներկայ վիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:
Ակադեմիկոսը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու հանրապետութեան տնտեսական համալիրի հետագայ զարգացման:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԼՂՀ փոխվարչապետ, ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեան, գրող-հրապարակախօս Զօրի Բալայեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.