ՎԵՐՍԱՅ.- Մայիս 30ին, Ֆրանսայի Վերսայ պալատի այգիին մէջ, ֆրանսացի բազմաթիւ քաղաքական գործիչներու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանէն բերուած խաչքարի բացման արարողութիւնը: Խաչքարը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Մաքսիմ Գէորգեանի աշխատանքի բացումը վստահուած էր Վերսայի քաղաքապետ Ֆրանսուա տը Մազիերին, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիթեճեանին եւ Շարլ Ազնաւուրին:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչ, Հայ վեթերաններու ազգային միութեան նախագահ Անթուան Պաղտիկեան նշած է, որ խորհրդանշական այս արարքը արդարութեան վերականգնումը կ՛առաջադրէ:
Ա. Պաղտիկեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսային, որ առաջինն է, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.