ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Մինչ ինը զոհ խլած իսրայէլեան յարձակումին ստեղծած աղմուկը կը սկսի մեղմանալու, Իսրայէլ արդէն իսկ անցած է հակայարձակողականի՝ պնդելով, թէ Կազայի շրջափակումը խախտել փորձող նաւերուն վրայ կային «ահաբեկիչներ»: Սակայն, փաստօրէն, իսրայէլեան ուժերը կասկածելի ոչինչ գտած են «ահաբեկչական» նաւերուն վրայ եւ նոյնիսկ եթէ նման կասկածներ գոյութիւն ունէին, ոչինչ կ՛արդարացնէ անզէն քաղաքայիններու սպանութիւնը, որքան ալ անոնք Իսրայէլի թշնամի նկատուին: Նաւերը կասեցնելու շարք մը այլ միջոցներ գոյութիւն ունին:
Սակայն, յարձակումէն անմիջապէս ետք իր պաշտօնը կորսնցնելու վտանգը դիմագրաւած (միայն կարճ ժամանակի մը համար) Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք տարբեր կարծիքներ ունի: Ան մարդկային կորուստներուն նկատմամբ նոյնիսկ ձեւական մտահոգութիւն չէ արտայայտած եւ նոյնիսկ նաւերը մահացու միջոցներով կասեցնելու իր որոշումով հպարտ կը թուի ըլլալ: Արդարեւ, ան Չորեքշաբթի օր այցելած է յարձակումը իրականացուցած զինուորական միաւորումին պահականոցը՝ գովելով զինուորները: «Եկայ կառավարութեան անունով ձեզի շնորհակալութիւն յայտնելու։ Գործողութեան ընթացքին դժուարին պայմաններու մէջ մնացիք, բայց ձեր պարտականութիւնը կատարեցիք ու արգելք եղաք նաւերուն, որ Կազա հասնին։ Մենք Հիւսիսային Ամերիկայի կամ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ չենք, այլ կ՛ապրինք Միջին Արեւելքի մէջ։ Հոս կարելի չէ կարեկցիլ տկարներուն, որովհետեւ հոս, ան որ ինքզինք չի պաշտպաներ, ինքզինք պաշտպանելու երկրորդ առիթը չի կրնար ունենալ։ Դուք ձեր կեանքի ապահովութեան համար պայքարեցաք», ըսած է ան:
Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Հինգշաբթի օր պաշտպանեց Կազայի շրջափակումը շարունակելու որոշումը եւ պնդեց, թէ Իսրայէլ ներում պիտի չխնդրէ կատարուածին համար: Ան եւս գովեց իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերը, որոնք յարձակումին մասնակցած էին, եւ պնդեց, թէ խնդրոյ առարկան «սիրոյ նաւ մը չէր, այլ ատելութեան նաւ մը»: Ան նաեւ ազդարարեց, թէ այն երկիրները, «որոնք այսօր մեզ կը քննադատեն, պէտք է գիտնան, որ վաղը իրենք կրնան թիրախ դառնալ»։
Նոյն տրամաբանութեամբ, Պարաք եւ Նեթանիահու կրնան «արդարացնել» Իսրայէլի թշնամի երկիրներուն բոլոր քաղաքացիներուն սպանութիւնը, որովհետեւ անոնք կրնան օր մը Իսրայէլի ապահովութեան վտանգ սպառնալ: Այդ պարագային, ամէն առիթով իր իսկական կամ կարծեցեալ թշնամիները համասեմական որակող երկիրը հակամարդ որակելը, այնքան ալ այլանդակ որակում մը պիտի չըլլայ: