Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհուրդի 33րդ Ընտրաշրջան
Սան Լուի Օպիսփօ գաւառային վերակացու Քաջիկ Աշատճեան այս ընտրաշրջանին մէջ դրած է իր թեկնածութիւնը: Երեք անգամ իր ներկայ պաշտօնին ընտրուած Քաջիկը բազմիցս ապացուցած է իր նուիրումը գաւառի բնակչութեան հանդէպ:
Հարկատուներու շահերու պաշտպանութեան, հանրային ապահովութեան եւ կալուածային իրաւունքներու ջատագով Աշատճեան կողմնակից է նաեւ կառավարութեան ծախսերը նուազեցնելու սկզբունքին: Քաջիկի դէմ կը մրցին երեք հանրապետական թեկնածուներ: Անոր թեկնածութեան զօրացկութիւն յայտնած յայտնի դէմքերէն է նախկին կառավարիչ Ճորճ Տէօքմէճեանը: Ընտրուելու պարագային, Աշատճեան կը դառնայ միակ հայ անդամը Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդին մէջ:
Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհուրդի 43րդ Ընտրաշրջան
Այս ընտրական շրջանին մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը զօրակցութիւն կը յայտնէ երկու մրցակից թեկնածուներուն՝ հանրապետական Սանտըր Ռեմանիին եւ դեմոկրատ Մայք Կաթթոյին: Հայ Դատի յանձնախումբը երկու թեկնածուներուն հետ ալ առիթ ունեցած է աշխատելու, եւ ծանօթ է անոնց քաղաքական ծրագիրներուն: Այս շրջանին մէջ Հայ Դատի յանձնախումբը կը քաջալերէ, որ հայ քուէարկողները մեծ թիւով մասնակցին ընտրութեան:
Ամերիկայի Ծերակոյտին Մէջ Նեւատան Ներկայացնողին Թեկնածութիւն
Նեւատա նահանգի մէջ օրէ օր աճող հայ համայնքին մէկ կարեւոր մասը իր զօրակցութիւնը յայտնած է հանրապետական թեկնածու Տանի Թարքանեանին, որ կը մրցի այժմ պաշտօնվարող հանրապետական Հարի Րիտի դէմ: Թարքանեան Սան Տիէկօ համալսարանէն վկայուած է իբրեւ իրաւաբան, եւ ներկայիս յաջողակ ձեռնարկատէր է: Իր պահպանողական դիրքորոշումներով հանրայայտ դարձած Թարքանեանը չորս տարի առաջ 230,000 քուէ ապահոված էր Նեւատայի նահանգային քարտուղարութեան իբրեւ յաւակնորդ թեկնածու: Թարքանեանի մրցակիցներուն թիւը կը հասնի ութի: Ինք միակ թեկնածուն է, որ հրապարակայնօրէն կը պաշտպանէ Նեւատայի հայ համայնքին շահերը եւ տեսակէտները: Յունիս 8ին յաղթելու պարագային, Թարքանեան քայլ մը եւս կը մօտենայ՝ դառնալու առաջին ամերիկահայ ծերակուտականը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ:
Քալիֆորնիոյ 36րդ Քոնկրեսական Ընտրաշրջանը
Ամերիկահայութեան համար կարեւոր է այս շրջանի ընտրութիւններուն մէջ ապահովել մեր հարցերուն ու տեսակէտներուն հանդէպ միշտ դրականօրէն կողմնորոշուած թեկնածու Մարսի Ուինոկրատի յաղթանակը: Բազմամեայ մանկավարժը կը մրցի ներկայիս պաշտօնավարող քոնկրեսական Ճէյն Հարմընի դէմ՝ դեմոկրատական թեկնածուի նախընտրական փուլի պայքարին մէջ: Նահանգային դեմոկրատական շրջանակին մէջ ղեկավար համարուող Ուինոկրատ խոստացած է Քոնկրեսին մէջ պաշտպանել հայ համայնքին շահերը եւ պայքարիլ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ: