ԼԱԼԻԿ Ո. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Մայիս 23, 2010ին, կէսօրէ ետք ժամը 4ին, տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մը, Համազգայինի Կլենտէյլի Յովհաննէս Թումանեան մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, նուիրուած՝ տաղանդաւոր բանաստեղծուհի եւ փիլիսոփայ՝ Ալիսիա Կիրակոսեանին, Կլենտէյլի Հայ Կեդրոնի Գարամանուկեան սրահին մէջ: Ներկայ կը գտնուէին 150է աւելի հանդիսատեսներ:
Գրական երեկոյի նպատակն էր գաղութին առիթը ընծայել աւելի սերտօրէն ծանօթանալու Ալիսիային ու իր գործին, եւ զայն պատուել իբրեւ վաստակաւոր հայ բանաստեղծուհի, իր բերած փայլուն ներդրումին համար 20րդ դարու հայկական գրականութեան մէջ: Երեկոյի ծրագրի մէջ ներառնուած էր յատուկ բաժին մը՝ գնահատելու համար 2009ի աշնան, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններու դէմ կազմակերպուած հացադուլի մասնակցող Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամները: Ներկայացուեցաւ նաեւ հակիրճ երաժշտական յայտագիր, ապա հիւրասիրութիւն:
Ձեռնարկի առաջին բաժնով ցուցադրուեցաւ հայերէն լեզուով պատրաստուած տեսաներիզ մը, որ կը ներկայացնէր Ալիսիա Կիրակոսեանի կեանքի ու գրական աշխարհի կարեւորագոյն հանգրուաններն ու նուաճումները:
Ալիսիա ծնած է Արժանթին, Մեծ Եղեռնէն վերապրած Կիրակոսեան ընտանիքի մէջ: Համալսարանական կրթութեամբ եղած է իրաւաբան: 1993 թուին, Պրազիլի Սան Փաուլօ պետական համալսարանէն արժանացած է տոքթորայի տիտղոսի, գրականութեան մարզէն ներս:
40 տարիներ շարունակ, այս տիպար հայ բանաստեղծուհին ու փիլիսոփան, անսպառ եռանդով գրած է ամէն օր, հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով: Գրած է սիրոյ, մայրութեան, հայրենիքի, Մեծ Եղեռնի, ներողամտութեան, խաղաղութեան ու Աստծոյ մասին…
Վերոյիշեալ երեք լեզուներու կողքին, Ալիսիայի բանաստեղծութիւնները նաեւ թարգմանուած են ֆրանսերէնի, շուետերէնի, ռուսերէնի, փորթուկալերէնի, եւ արաբերէնի:
Իր ստեղծագործական մարզէն ներս, Ալիսիա Կիրակոսեան արժանացած է զանազան գրական մրցանակներու, եւ հանդիպումներ ունեցած պետութեանց նախագահներու հետ, ինչպէս, օրինակ, Քոսթա Ռիքայի նախագահ՝ Օսքար Անիաս Սանչեզը:
Ալիսիայի բանաստեղծութիւնները ներշնչած են համաշխարհային գծագրիչ Փապլօ Փիքասոյի ստեղծագործութիւններէն մին: Իր հասցէին բարձր գնահատանքով արտայայտուած են ժամանակակից անուանի բանաստեղծներ, ինչպէս Պարոյր Սեւակը, Սիլվա Կապուտիկեանը, Յովհաննէս Շիրազը, Ուիլ-լիըմ Սարոյեանը, Տալայ Լաման, Ժագ Բրեւերը եւ Ասդոր Բիազոլլան…
«Ես կեանքումս ոչ ոքի չեմ խանդել, բայց երբ կարդացի Ալիսիայի «Ոտաբոպիկ Աստուածը» խանդ զգացի որ նա կին է: Միայն մի կին, մի խորունկ կին, կարող է այդ տողերը գրել»: Պարոյր Սեւակ, Երեւան, 1967:
Ալիսիա Կիրակոսեանի բանաստեղծութիւններէն մի քանին նաեւ վերածուած են երգի: Անոնցէ մէկն է «Այնպէս Ուզում եմ», որու եղանակը յօրինած է Հայրենիքի տաղանդաւոր երաժիշտ՝ Ռոպերթ Ամիրխանեանը: Ալիսիայի փափաքին ընդառաջելով, այս երգը ներկայացուեցաւ հանդիսատեսներուն, Լարք երաժշտանոցի Դիլիջան յանձնախումբի երգչախումբի անդամ՝ Րաֆֆի Գերպապեանի կատարումով, եւ ընկերակցութեամբ Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, դաշնակահարուհի՝ Լալիկ Արզումանեանի:
Հրաւիրուած էին նաեւ հացադուլի մասնակցող հայ երիտասարդները, որոնցմէ ներկայ կը գտնուէին մօտ 15 հոգի: Ներշնչուած անոնց ցուցաբերած հայրենասիրական ազնուական կեցուածքէն, Ալիսիա գրած է գիրք մը, կոչուած «Անյարմար Իրականութիւն», զոր ձօնած է վերոյիշեալ հայ երիտասարդներուն:
Այս առթիւ, խօսք առաւ Ալիսիա Կիրակոսեան ու բեմ հրաւիրեց հացադուլաւորները, գնահատելու համար երիտասարդները, ու ամէն մէկուն նուիրեց օրինակ մը իր գիրքէն: æերմ ու յուզիչ վայրկեաններ էին անոնք, որոնք կը վաւերացնէին Ալիսիայի սերունդի յարգանքը՝ նոր հայ սերունդին:
Ալիսիա Կիրակոսեանի գործերն են, հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն լեզուներով գրուած՝ «Անյարմար Իրականութիւն», «Խաղաղութեան Քուանտա», (նաեւ կը պարունակէ ձայնապնակ եւ տեսաներիզ), «Յաւերժութեան գոյնը», (5 ձայնապնակ եւ 1 տեսաներիզ), անգլերէն լեզուով՝ «Բառերէ անդին», «Ալիսիա Կիրակոսեան, Նոր Հազարամեակի Բանաստեղծ եւ Փիլիսոփայ», վերլուծում իր գործին Ռոպէրդ Տանիէլաքի կողմէ, «18 Մագաղաթներ», եւ «Ամբողջական Երկեր»:
Ալիսիա ներկաներուն կարդաց հատուածներ իր բանաստեղծութիւններէն՝ սիրոյ, մայրութեան, ու հայրենիքի մասին, ինչպէս նաեւ շատ հետաքրքրական
«Շոգեկառքը»: Ալիսիա հանդիսատեսներուն հաղորդեց խորաթափանց մտածմունքներ ու զգացումներ, իր յուզական հարուստ ներաշխարհէն, իր հարազատ շունչով ու ոճով:
æերմ ու քնքուշ սիրոյ արտայայտութիւններու կողքին, Ալիսիա Կիրակոսեան հնչեցուց ունկնդիրներու հայրենասիրական ու մարդկային լարերը:
«Տէր Զօր:
Անապատը դրսի ներսդ է մտնում գլխագրով
Եւ աւազաթղթի ճանկերով քերթում է հոգիդ:
Մէկ առ մէկ հառաչանքերը փշոտ
Դաշունահարում են պատերը յիշատակի՝
Ու կատաղումն եմ զգում անթաղ ոսկորների
Ու զարկն եմ լսում չորացած արիւնի,
Որ ցնցում է հողը:
Երկինքը պայթում է անարդարութեան ռումբով
Ու մոխիրների մի անձրեւ անզօրութիւնն է թագադրում»:
Ալիսիա Կիրակոսեանի ընթերցած բանաստեղծութիւններու խօսքի ուժականութիւնն ու թռիչքային պատկերներու ճոխութիւնը հոգեկան ու իմաստական վայելք հանդիսացան ձեռնարկին ներկայ գտնուող բոլոր հանդիսականներուն համար:
Շնորհակալութիւն, Ալիսիա: