ԼԱԼԻԿ Ո. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Կիրակի, 16 Մայիս 2010, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը Վաչէ Պարսումեանի կողմէ, Լա Քրեսենթա հովիտի Հայոց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Նիւթն էր՝ «Հայ հոգեւորական երաժշտութիւնը», եւ կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ:
Լարք երաժշտանոցի տնօրէն, բազմատաղանդ երաժշտագէտ Վաչէ Պարսումեան, մէկ ու կէս ժամուան հակիրճ ժամանակամիջոցի մէջ, խորապէս կարողացաւ հաղորդել հայ հոգեւորական երաժշտութիւնը յուզող գլախաւոր տեղեկութիւններ բարձր հետաքրքրութեամբ ունկնդրող շուրջ 50 հանդիսականներու:
Ինչ է երաժշտութիւնը: Ըստ յոյն փիլիսոփայ ու մաթեմաթիկոս Բիթակորիոսի՝ լսելի թուաբանութիւն, յիշեց Պարսումեան: Գեղագիտական ու պաշտօնարարական բնոյթ ունեցող անհրաժեշտութիւն մըն է ան, որուն հնչիւնները, անոնց ելեւէջներն ու տատանումները, կախարդանքի նման կը մեղմացնեն մարդոց ցաւերը ու կը քաղցրացնեն անոնց սրտերը: Իսկ հոգեւորական երաժշտութիւնը, մարդ արարածի կողմէ արտայայտութիւն մը՝ զԱստուած փառաբանելու իր ձգտումին:
Հայ հոգեւորական երաժշտութիւնը մշակուած է 5րդ դարէն ետք: Որոշ եղանակներ ծնած են նախաքրիստոնէական շրջանէն, ինչպէս Վահագնի Ծնունդը եւ Արտաշէսի Ամուսնութիւնը, որոնք կը գտնուին Մովսէս Խորենացիի քուսաններու գիրքին մէջ:
Միայն 20րդ դարու մէջ է, սակայն, որ ինչպէս որեւէ այլ տիպի երաժշտութիւն, հոգեւորական երաժշտութիւնը արտագրուեցաւ եւրոպական նօթաներու: Հետեւաբար, 1500 տարիներ շարունակ, ամէն օր, զայն սորվեցան եւ սորվեցուցին միլիոնաւոր ընտրեալ հայ աշակերտներ ու ուսուցիչներ, իբրեւ օրուան բարձրագոյն ուսման էական մէկ հատուածը: Դժբախտաբար, սակայն, մօտ 1600 աւետարանական երգերուն մեծամասնութիւնը զոհ գացած է հայ ժողովուրդի ենթարկուած վերջին 500 տարիներու լուծին, եւ մասնաւորաբար՝ 95 տարիներ առաջ կրած ողբերգութեան:
222 թուին, հայերը, որոնք մօտ էին պարթեւներուն, դարձան զրապաշտ: Տրդատ 3րդ թագաւորը կը հետապնդէր այն նպատակը, որ Արարատի փէշերուն վրայ ապրող ցեղերը դառնան ինքնուրոյն ժողովուրդ: 301 թուին, քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ ընդունուելէ ետք իբրեւ պետական կրօնք Հայաստանի մէջ, Տրդատ թագաւորի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրերով, հետզհետէ ընդհանրացաւ անոր տարածքին մինչեւ 325 թուական: 404ին, երբ Մեսրոպ Մաշտոց յղացաւ այբուբենը, քրիստոնէութեամբ եւ հայկական լեզուի յատուկ գիրերով, հայ ժողովուրդը դարձաւ ինքնատիպ ազգ:
Հայ հոգեւորական երաժշտութեան 3 սիւներն են երաժիշտ, մատենագիր, Ս. Մեսրոպ Մաշտոց (5րդ դար), Սուրբ Ներսէս 4րդ կաթողիկոս Շնորհալի (12րդ դար), եւ երաժշտագէտ, հեղինակ Կոմիտաս հայրապետ (20րդ դար): Անոնց կողքին, հարկ է յիշել Մովսէս Խորենացի, Անանիա Շիրակացի, Գրիգոր Մակիստրոս 11րդ, եւ Գրիգոր Նարեկացի:
5րդ դարուն, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, Մեսրոպ Մաշտոց յօրինեց 70է աւելի շարականներ: Անոնք կը դասուին իբրեւ վանկային գործ, այլ խօսքով՝ կազմակերպուած են վանկաշեշտական կանոնաւորութեամբ, գրաբառ լեզուով:
Ներկայիս, առարկեց Վաչէ Պարսումեան, յղածք մը կայ, թէ հայ հոգեւորական երաժշտութիւնը դժուար է հասկնալ, եւ թէ գուցէ զայն պարզացնելը նպաստէ անոր հասկացողութեան: Գրաբառի կանոնը տարբեր է ժողովրդականէն, բացատրեց Պարսումեան: Տարբեր են վանկերը, հնչիւններն ու յանգերը, որոնք ձայնականօրէն իրենց յատուկ դերը ունեցած են թափանցելու հայու ներաշխարհը, ու ժառանգականօրէն արձանագրուած են մեր սրտերուն մէջ, մեր լեզուով:
Դիւրացնելով, պատգամը հասկնալի պիտի չդառնայ, շեշտեց Պարսումեան: Հայկական ամբողջականութիւն մը կայ մեր եկեղեցական երաժշտութեան մէջ: Նոյնիսկ եթէ բառերը չհասկցուին, ան կը ձեւաւորէ հայու հոգին: «Եթէ կը յուզէ քեզ, ուրեմն հայ ես», ակնարկեց Պարսումեան:
Հոգեւորական երաժշտութիւնը կը պարփակէր շարակնոց ու պատարագամատոյց: Պաշտամունքը պէտք է տարածուէր: 36 հայ նշանագիրներ ստեղծելէ ետք, Մեսրոպ Մաշտոց թարգմանեց Աստածաշունչը հայերէնի: Ստեղծուեցան նաեւ ծիսակարգային անհրաժեշտութիւն ունեցող երգեր: 150 սաղմոսներէ բաղկացած Սաղմոսականը բաժնուեցաւ 8 խումբերու:
Շարական բառը մեկնաբանուած է 3 տարբեր բացատրութիւններով: Առաջինն է՝ շարք թանկագին քարերու (շար-ա-կան): Երկրորդը՝ կու գայ արաբերէն բառէն, «շաար», որ կը նշանակէ բանաստեղծութիւն: Իսկ երրորդը՝ ծագած է ասորերէնէն, որ կը նշանակէ երգ: Ըստ հայր Գաբրիէլ Աւետիքեանի, առաջինը ամենաճշկրիտն է:
5րդ դարէն վերջ, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս զարգացուցին հայկական գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը, ու ղրկեցին իրենց աշակերտները Բիւզանդիոն՝ յառաջացեալ գիտութիւններ ամբառելու համար: Անոնցմէ մէկն էր Մովսէս Խորենացին, որ գրեց առաջին Հայոց Պատմութեան գիրքը:
7րդ դարուն, Բարսեղ Ճոն հաւաքեց բոլոր շարականները ու կազմեց առաջին շարակնոցը: Անոնք կ՛ամփոփեն հայ ժողովուրդին ընդունած Աստուածաբանութիւնը, եւ կը բնորոշեն մեր հաւատքը, թէ ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ զԱստուած, մօտենալ անոր, ու փառաբանել զայն, ջինջ ու մեծարող կեցուածքով:
Անկէ ետք, շատեր վերագրեցին շարակնոցը ու աւելցուցին նոր երգեր: Անոնց մէջ կը նշուին 2 տաղանդաւոր, հոգեւոր կին-յեղինակներ՝ Խոսրովի Դուխտը եւ Սահակի Դուխտը, որոնք կ՛ապրէին Գողթն:
Արաբական արշաւներուն, անոնց եղբայրը՝ Վահանը, փոքր հասակէն տարուեցաւ Դամասկոս: Ան դարձաւ խալիֆայի խորհրդատուն: Երբ տեղեկացաւ թէ ինք հայ է, այցելեց Գողթն ու հետաքրքրութիւն արտայայտեց քրիստոնէութեան նկատմամբ: Վերադարձին Դամասկոս, Վահան Գողթնացի գլխատուեցաւ ու դարձաւ հերոս: Իր նահատակ եղբօր յիշատակին, Խոսրովի Դուխտը յօրինեց տաղատիպ երգ մը, որ կոչուեցաւ Կացուրթ:
Տրուած ըլլալով, որ երաժշտութիւնը արտայայտութեան միջոց մըն է հոգեկան ու զգացողական տպաւորութիններու, ինչպէս՝ սէր, պատերազմ, սուգ ու խրախճանք, հետեւաբար տարբեր խումբերու երգեր հիմնուած են տարբեր ձայնակարգերու վրայ: Ամէն ձայնակարգ կազմուած է հնչութիւններու որոշ աստիճանական սարգաւորումով: Անոնք ունին ներքին ուժական յարաբերութիւն ու իրենց յատուկ օրինաչափութիւնը: Տարբեր ձայնակարգեր կը պարփակեն տարբեր յանգաձեւեր: Հայ ժողովրդական երաժշտութիւնը ունի 2 օրինաչափութիւն: Հայ եկեղեցին ունեցած է 8:
9րդ դարուն ստեղծուեցան խազ կոչուած 40 նշանագիրներ, զորս կարդալով է որ մարդիկ կրնային երգել հոգեւորական երգերը: Ունեցած ենք 3 կարգի նշանագիրներ՝ տարողութեան, շեշտադրութեան եւ երաժշտական:
10րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացի շարականներու (շարակնոց) կողքին աւելցուց տաղեր (տաղակնոց), եւ գանձեր (գանձարան): Տաղը եղանակային հարուստ հիմքով, կշռութային անկաշկանդութեամբ եւ բարձր կազմակերպութեամբ յղացուած երգ է (օր.՝ Կոմիտասի Կռունկը): Իսկ գանձը՝ մահացողի յատկացուած երգ:
12րդ դարուն, Ներսէս Շնորհալի առաւել եւս հարստացուց հոգեւորական երաժշտութիւնը: Իրեն է որ կը պարտինք հայկական պատարագին մէկ երրորդը: 13րդ դարուն, Գրիգոր Խլկեցին կազմեց շարականներու ցանկը:
14րդ դարուն, Գրիգոր Սկեւրացի ամբողջացուց վերջնական կանոնականացուած շարակնոցը, որուն վրայ հիմնուած են ներկայիս մատուցուած պատարագները: Ունեցած ենք 1253 շարականներ եւ մօտ 300 այլ աւետարանական երգեր: Ընդամէնը՝ 2400 հոգեւորական երգեր: Ունինք քանի մը «Հայր Մեր»ներ, որոնց վերջինը եղանակագրուած է հոգելոյս սրբազան Ազնաւուրեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ յատուկ ծիսակատարութիւն՝ առաւօտեան, ճաշու եւ գիշերային, տարուան 360 օրերուն համար:
15րդ դարէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր պետականութիւնը, հայ հոգեւորական երաժշտութիւնը կրեց ահաւոր հարուած, իր կարգին ենթարկուեցաւ հալածանքի, ու մենք կորսնցուցինք անոր մեծամասնութիւնը:
20րդ դարուն, նշանաւոր երաժիշտ Կոմիտասը (1869-1935), ծանր աշխատանք տարաւ պարզաբանելու համար երաժշտական խազերը, որոնց միջոցաւ արձանագրուած էր հայկական երաժշտութիւնը՝ նախքան արտագրուիլը եւրոպական նօթաներով: Ան գտաւ զանոնք, բայց ականատես ըլլալով հայ ժողովուրդին կրած ողբերգութեան՝ կորսնցուց իր խելքը, ու անոր հետ միատեղ կորսուեցան այդ աշխատանքներուն արդիւնքները:
Հայերս կտակած ենք երաժշտական գանձ մը, զոր տակաւին չենք կրցած հասկնալ: Մարտահրաւէրը ներկայիս, կը բացատրէր Պարսումեան, այդ խազերը արտագրելն է եւրոպական նօթաներով՝ վերակենդանացնելու համար այն, ինչ կրցած ենք պահել հայ հոգեւորական եւ այլ դասի երաժշտութենէն:
Մեր շատ հետաքրքրական յանդիպման աւարտին, ունկնդիրներս մեծ հաճոյքով իմացանք, թէ սփիւռքահայութեան հայաբնակ Լոս Անճելըսի գաղութին մէջ հաստատուած տաղանդաւոր երաժշտագէտ Վաչէ Պարսումեանը արդէն իսկ ստանձնած է այդ նուիրական առաքելութիւնը:
Աստուած հետդ, Վաչէ: