ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Յունիս 7ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, «Ռոսաթոմ» պետական ընկերակցութեան գլխաւոր տնօրէն Սերկէյ Կիրիենքօ յայտնած է, թէ Ռուսիան կ՛ուզէ դառնալ Հայաստանի նոր աթոմակայանի համասեփականատէրը:
«Առաջին անգամ մենք պիտի տնօրինենք աթոմակայանները արտերկրի մէջ, բայց ոչ միայն պիտի կառուցենք, այլեւ, 60 տարուան ընթացքին, պիտի տնօրինենք ու շահագործենք զանոնք», ըսած է ան եւ յիշեցուցած, որ «Ռոսաթոմէքսփորթ»ն է, որ կ՛իրականացնէ նոր աթոմակայանի շինարարութեան նախագծային աշխատանքները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.