ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երէկ, Քալիֆորնիոյ նահանգային 43րդ ընտրաշրջանի քուէարկութեան օրն էր: Թերթը տպարան յանձնելու պահուն, տակաւին յայտնի չէր յաղթական թեկնածուին անունը:
Պարտեալին անունը, սակայն, յստակ էր: Այդ ընտրատարածքին մէջ ապրող հայ համայնքը նախքան ընտրութիւններն իսկ պարտուած էր: Նախնական ընտրութիւններուն ներկայացած երկու հայ թեկնածուները դուրս մնացած էին: Թէեւ պարտուած՝ երկուքն ալ կրնային դարձեալ թեկնածու ըլլալ երէկուան նախնական ընտրութիւններուն, որոնց վերջնական քուէարկութիւնը պիտի կայացուէր յառաջիկայ Նոյեմբերին:
Յամենայնդէպս, նախ Նայիրի Հայրապետեանը քաշեց իր թեկնածութիւնը, ապա՝ Շահէ Քէօրօղլեանը:
Այս ընտրութիւններու առաջին օրէն իսկ գործընթացին հետեւող բոլոր վերլուծողներուն համար յայտնի էր, որ երկու հայ թեկնածուներու առկայութիւնը վնասակար պիտի ըլլար երկուքին համար ալ: Այս իրողութիւնը, սակայն, անտեսուեցաւ ու ոչ մէկ ձեւով կարելի եղաւ համոզել ընտրութեան նուազ հաւանականութիւն ունեցող թեկնածուն, որ դուրս գայ ընտրապայքարէն:
Հեգնականօրէն, այդ անդրդուելի թեկնածուն, երկրորդ քուէարկութեան նախօրէին, որոշեց դուրս գալ ընտրապայքարէն եւ փորձեց հրապարակային նամակով մը բացատրել իր քայլին դրդապատճառները:
Արդիւնքը՝ ոչ մէկ հայ թեկնածու՝ նախապէս հայու մը կողմէ գրաւուած աթոռի համար:
Արդիւնքը՝ հայ համայնքը չկրցաւ ցոյց տալ քաղաքական հեռատեսութիւն ու ճիշդ չկողմնորոշուելով՝ չկրցաւ պաշտպանել իր շահերը:
Յուսանք, որ այս դառն փորձառութենէն դաս մը քաղեցինք բոլորս: Յուսանք, որ յառաջիկայ որեւէ ընտրութեան ժամանակ, երբ հայկական քուէն վճռորոշ դեր կրնայ կատարել, չենք փոշիացներ մեր ուժերը, եւ կեդրոնացնելով մեր քուէն ու միջոցները՝ կ՛ապահովենք յաջողութիւնը մեր համայնքի թեկնածուին: