ՀՕՄի Ութերորդ Տասնամեակը (1980-1990)
Բ. ՄԱՍ
1985ին՝ ՀՕՄի 75ամեակին առիթով, միութեան Կեդր. Վարչութիւնը գեղատիպ, պատկերազարդ եւ բովանդակալից Յուշամատեան մը լոյս ընծայեց:
«Հայ Օգնութեան Միութեան Յուշամատեան»ին (1910-1985) մէջ հետեւեալ հետաքրքրական վիճակագրութիւնները տրուած են, զորս կը փոխանցենք նոյնութեամբ:
1.- 1980ական թուականներուն, սփիւռքահայութեան այլազան կարիքներուն համար ՀՕՄի 16,000 անդամներու մարդուժը, ամէն տարի, հայութեան կը նուիրէ եօթ միլիոն տոլար արժողութեամբ կամաւոր աշխատանք (Հայաստանի երկրաշարժէն ետք 10 միլիոն տոլար):
2.- ՀՕՄի Միաւորները նիւթապէս կÿօժանդակեն 87 ամէնօրեայ վարժարաններու, տարեկան յատկացումներով կամ սաներ պահելով:
3.- Միութեան անմիջական հովանաւորութեան տակ եւ գործնական ջանքերով կը բանին 72 հայկական միօրեայ դպրոցներ: Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ միութիւնը ունի նաեւ չափահասներու յատուկ հայերէն լեզուի, հայ մշակոյթի եւ հայոց պատմութեան դասընթացքներ:
4.- ՀՕՄի միաւորները ամէն տարի 3000 կրթաթոշակներ կը յատկացնեն երկրորդական եւ համալսարանական աշակերտներու:
5.- Կեդր. Վարչութիւնը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Շրջանային զոյգ վարչութիւնները կը հոգան ամբողջական ծախսերը ՀՕՄի Հայագիտական Ամառնային Դասընթացքներուն, որմէ ցարդ (1971-1985) ընթացաւարտ եղած են 326 երիտասարդ-երիտասարդուհիներ:
6.- Մշակութային մարզէն ներս ՀՕՄի միաւորները նիւթապէս եւ բարոյապէս կը նպաստեն գաղութներու մէջ մշակութային կեդրոններու եւ երիտասարդական հաւաքավայրերու ստեղծման ճիգին: ՀՕՄի յատկացումը վերոյիշեալ նպատակներուն համար աւելի քան հինգ միլիոն տոլար է:
7.- Ընկերային օժանդակութեան մարզէն ներս մեր միաւորները ունին մօտ 25 ընկերային ծառայութեան կեդրոններ եւ 55 օժանդակ խմբակներ:
8.- Բժշկական -առողջապահական մարզէն ներս ՀՕՄի միաւորները, իրենց դարմանատուներու եւ առողջապահական կեդրոններու ցանցով, նախախնամական ծառայութիւն մատուցած եւ կը մատուցեն՝ պատերազմներու, բնական աղէտներու եւ տնտեսական տագնապներու ժամանակ, բժշկական ձրի խնամք եւ դեղեր տրամադրելով:
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ
ՓՈԽԱՆԱԿՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը որոշեց, որ դպրոցական արձակուրդներու ընթացքին, ՀՕՄի շրջաններուն միջեւ պատանի-պատանուհիներու փոխանակում տեղի ունենայ: Այսինքն, ոչ-հայախօս պատանիներ, հայախօս ընտանիքներու մօտ իրենց արձակուրդը անցընեն եւ հայկական հոգիով գօտեպնդուած՝ իրենց տուները վերադառնան:
1987ի Ծնունդին այս ծրագիրը ընտանիքներու միջեւ գործադրուեցաւ, 1988ի ամրան երկու շաբաթ ընտանիքներու մօտ եւ երկու շաբաթ առաջ շրջանի հայկական պատանեկան ճամբաներու մէջ, ինչպէս՝ ՀԵԴի «Հայաստան ճամբարը՝ Մեսեչուսէթ, ՀԵԴի Քալիֆորնիոյ ճամբարը եւ Ֆրանսահայ Կապոյտ Խաչի կազդուրման Կայանը՝ Պէլֆոնթէն:
1991էն ի վեր այս ծրագիրը կը շարունակուի միայն ճամբարներու միջեւ:
————————————————————————————————————————————————————————————–
ՀՕՄԻ ՔԱՅԼԵՐԳ ԵՒ ԴՐՕՇ
Որպէսզի ՀՕՄի աշխարհացրիւ բոլոր միաւորները միեւնոյն քայլերգը ունենան, Համահայկական Կեդր. Վարչութիւնը, 1988ին, որդեգրեց Մուշեղ Իշխանի քերթուածը եւ Գէորգ կառավարենցի երաժշտութիւնը: Միութեան քայլերգին բառերն են.-
Մենք՝ ուխտեալներ հայ օգնութեան սուրբ գործին
Լոյսի բանակ եւ գթութեան խաչուհի,
Գոյամարտին մէջ սրբազան մեր դատին՝
Ձեզ կը բերենք Հայ Կնոջ սիրտը ոսկի:
Օտար երկրի հովերուն դէմ մոլեգին՝
Հայ դպրութեան ջահը պահենք մշտավառ,
Եւ թող շունչ տայ Հայ օճախի կրակին
Մեր շրթներուն վրայ ծաղկող ամէն բառ:
Մենք՝ ուխտեալներ ՀՕՄի պայծառ դրօշին,
Միշտ կը մնանք արի պահակն անցեալի,
Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին,
Մինչեւ հասնինք սէգ սարերուն հայրենի:
————————————————————————————————————————————————————————————–
Որպէսզի ՀՕՄի իւրաքանչիւր մասնաճիւղ միեւնոյն դրօշը ունենայ, Կեդր. Վարչութիւնը վաւերացուց նմոյշ մը, լայն բացկապոյտ պաստառին մէջտեղ ասեղնագործուած մեծ ճերմակ սիրտ մը՝ ՀՕՄի խորհրդանշանը:
Դրօշակին ասեղնագործութիւնը եւ արտադրութիւնը ԼՕԽին յանձնեց, որ մեծ բծախնդրութեամբ ձեռնարկը յաջողութեամբ պսակեց:
Խորհրդանիշը Հայ Օգնութեան Միութեան.-
Խաչ՝ խորհրդանշական քրիստոնէական հաւատքի.
Արեւ՝ մտային լուսաւորութեան.
Դափնիի ճիւղ՝ մշակոյթ.
Սուր՝ Արթնութիւն եւ ընտանիքի պաշտպանութիւն.
Ձիթենիի ճիւղ՝ խաղաղութիւն.
Սիրտ՝ գութ եւ ողորմութիւն.
Արարատ լեռ՝ Հայաստան, հայ ազգ եւ հայրենիք:
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ
ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը, Հայաստանի երկրաշարժէն ամիս մա առաջ, Աստուածային նախախնամութեամբ՝ Համահայկական Խորհրդաժողով մը կազմակերպեց Նոյեմբեր 10-13, 1988ին, «Մուրատ Ռաֆայէլեան» վարժարանէն ներս, Վենետիկ, մասնակցութեամբ ՀՕՄի միաւորներու ներկայացուցիչներուն եւ հրաւիրեաներու:
Խորհրդաժողովին նպատակն էր քննել եւ վերլուծել Սփիւռքի գաղութներու եւ Հայաստանի կարելիութիւններն ու կարիքները, որպէսզի անոնց հիման վրայ ՀՕՄը լաւապէս պատրաստուած ըլլայ, դիմագրաւելու ապագայի մարտահրաւէրները:
Խորհրդաժողովին ներկայացուած նիւթերը եւ բանախօսներն էին.-
1. Սփիւռքահայ ազգային ինքնութեան գործօնները՝ Օհան Պալեան:
2. Հայաստանի հասարակական, տնտեսական եւ ազգային զարգացման հոլովոյթը՝ Էդիկ Յովհաննիսեան:
3. Հայ կին ղեկավարը երէկ, այսօր եւ վաղը՝ Սօնա Զէյթլեան:
4. Հայ կրթական հարցեր եւ խնդիրներ՝ Յակոբ Պալեան:
5. Քաղաքական իրադարձութիւններու ազդեցութիւնը սփիւռքահայ գաղութներու կեանքին վրայ՝ Մարտօ Սողոմեան:
6. Համահայկական հայեցակէտի, վերլուծման եւ ծրագրման հրամայականը՝ Նազարէթ Պէրպէրեան:
7. Վերոյիշեալ նիւթերը հետագային, «Կամրջել Անջրպետները» խորագրով լոյս տեսան եւ ընկերուհիներուն տրամադրուեցան: