ԻԿԸԼ ՌԱՔ, Քալիֆորնիա.- Սան Կապրիէլ հովիտի հայ տարեցներուն խնամող Իկըլ Ռաքի «Արարատ» հիւանդանոցին 30ամեակը նշուեցաւ Մայիս 13ին կազմակերպուած ճաշկերոյթով մը:
Ձեռնարկին ընթացքին, հիւանդանոցի վարիչ Ռապըրթ Թէյլըր դրուատեց երկարամեայ սպասարկութիւն մատուցած անձնակազմին անդամները, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցին նեցուկ կանգնող ազգայինները, ապա առիթը տրուեցաւ փափաքողներուն, որ հիւանդանոցին մասին իրենց յուշերը բաժնեն ներկաներուն հետ:
Ապա, Թէյլըր, հիւանդապահներու պատասխանատու Այտա Եղիայեան եւ Հոգաբարձութեան ատենապետ Նազար Աշճեան երախտագիտութեան գիրեր յանձնեցին անձնակազմի անդամներուն: Յատուկ պատիւի արժանացան խոհարար Յովհաննէս Պաքալեանը եւ անոր կինը՝ հիւանդապահի վկայեալ օգնական Ժանեթը, որոնք վերջին 30 տարիներու սպասարկութիւն մատուցած են աւելի քան 1800 տարեցներու:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ararathome.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.