
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ուրբաթ, Յունիս 18ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունենալիք դասախօսական ձեռնարկի մը ընթացքին, «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան պիտի խօսի Ապրիլ 24ին, Անգարայի մէջ տեղի ունցած եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ու վնասուց հատուցումներու հարցին նուիրուած գիտաժողովին մասին: Մուրատեան այս գիտաժողովին մասնակցելուն կողքին, Մարտին կատարած այլ այցելութեան մը ընթացքին հարցազրոյց մը ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ, նաեւ այցելած էր Կարս ու Անի: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ սահիկներու ցուցադրութիւն:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին ու Ծովածոցի Հայ Դատի յանձնախումբին համատեղ ջանքերով: Մուտքը ազատ է: