ՕՐԼԱՆՏՕ, Ֆիլատելֆիա.- Շաբաթ Յունիս 5ին եւ Կիրակի Յունիս 6ին, Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան կատարեց Նաւակատիքի արարողութիւնը (Շաբաթ օր) եւ նորակառոյց Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ օծումը (Կիրակի օր):
Օրլանտոյի ծուխը հաստատուած է 1985ի Մայիս 7ին՝ օրուան առաջնորդ եւ այժմու Երուսաղէմի առաքելական աթոռի պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի կողմէ:
Ծուխի կազմութեան առաջին օրէն իսկ աշխատանքներ տարուեցան, որպէսզի ծուխը ունենայ իր աղօթքի սեփական տունը: Տարիներու ընթացքին ծուխի անդամներուն թիւը հետզհետէ աճեցաւ եւ եկեղեցւոյ մը կարիքն ու պահանջքը շատ աւելի զգալի դարձաւ:
Առ այդ, Կիրակի Յունիս 6ի առաւօտեան ժամը 10ին, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ՝ Առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան թափօրով մուտք գործեց Ս. Յարութիւն եկեղեցի։ Սրբազանը սրբալոյս Միւռոնով նախ օծումը կատարեց Ս. խորանին, եւ ապա եկեղեցւոյ պատերուն վրայ զետեղուած խաչերուն։ Օծուեցան նաեւ մկրտարանը եւ Ս. խորանի սրբանկարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.