Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ շաբաթ ներկայացուցինք կարեւոր գիտելիքներ արեւու վնասակար ճառագայթներ խափանող գեղարարներու մասին։ Այս շաբաթ կ՛ամբողջացնենք այս մասին յաւելեալ գիտելիքներով.
3- Կ՛ըսուի թէ բոլոր գեղարարները նոյն գործը կը կատարեն։ Անշուշտ ո՛չ։ Կարգ մը գեղարարներ իրենց մէջ կը պարունակեն ֆիզիքական կոչուած արգելակող նիւթեր, ինչպէս «զինք օքսայտ»ը կամ «թայթէնիում օքսայտ» նիւթերը, կասեցնելու համար UVA եւ UVB ճառագայթները։ Այլ գեղարարներ իրենց մէջ կը պարունակեն քիմիական նիւթեր, նոյն գործը կատարելու համար։
Ներկայիս գոյութիւն ունին նիւթեր, ինչպէս՝ Helioplex and Meroxyl SX, որոնք ներառնուած են այս գեղարարներուն մէջ եւ աւելի երկար կրնան մնալ ու պաշտպանել մորթը արեւու ճառագայթներէն։ Այնուամենայնիւ, պէտք է սահմանափակել արեւուն տակ մնալու ժամերը եւ նաեւ պէտք է պաշտպանող հագուստներ ունենալ արեւուն տակ երկար մնալու պարագային։ Միշտ նկատի պէտք է առնել թէ այս գեղարարները որոշ չափով կրնան կասեցնել ճառագայթ-ները, այլ ոչ ամբողջովին։ Նաեւ պէտք է նայիլ տուփին վրայ ու տեսնել չորս աստղ ունեցող գեղարարները. առնուազն 30 SPF ունեցողն է, որ կրնայ մորթը պաշտպանել UVA եւ UVB ճառագայթներէն։
4- Փոքր քանակով տրուած գեղարարն անգամ կրնա՞յ պաշտպանել ամբողջ օրը։ Հիմնական գաղափարը այն է, որ այս գեղարարները պէտք է գործածել 2-4 ժամուան ընթացքին մէկ անգամ, որովհետեւ որոշ ժամանակէ մը ետք եւ անշուշտ որոշ պայմաններու բերումով գեղարարը կ՛անհետանայ եւ կը կորսնցնէ իր ուժը։ Առատօրէն պէտք է գեղարարը լուծել մորթին վրայ եւ անմիջապէս հագնիլ որպէսզի մնայ մորթին վրայ։ Եթէ ջուրին մէջ պիտի մտնէք, շատ աւելի յաճախականութեամբ պիտի գործածէք նիւթը։ æուրին մէջ օգտագործուելիք գեղարարները իրենց SPFի մակարդակին կը հասնին 40 րոպէ ջուրին մէջ մնալէն ետք կամ նոյնիսկ 80 րոպէ ետք։ æուրին մէջ օգտագործուելիք գեղարարներն անգամ կրնան անյայտանալ որոշ ժամանակէ մը ետք։ Ուրեմն յաճախակի ծեփելը անհրաժեշտ է այս պարագային։
5- Ամբողջութեամբ ծեփել մարմինը արեւու վնասակար ճառագայթները խափանող գեղարարներով, չմոռնալով անշուշտ ականջները եւ ծոծրակը, երբեմն այս բաժիները կ՛անտեսուին կամ կը մոռցուին։ Նաեւ պէտք է յիշեցնել շրթները, որոնց համար գործածուելիք գեղարարը պէտք է առնուազն SPF 30 ըլլայ։
6- Բոլոր ձեւերով պատրաստուած գեղարարները նոյն ձեւով կը գործեն։ Ըլլան անոնք ցրուիչ, մածուցիկ գեղարար կամ շրթնաներկերու ձեւով, նոյն կամ նմանօրինակ ազդեցութիւն ունին մորթին վրայ։ Այր մարդոց համար նախընտրելի է օրինակ ցրուիչներով պատրաստուածները, մինչ կանայք կը նախընտրեն գեղարարներով պատրաստուածները։ Ամէն պարագայի, ինչ ալ ըլլայ ձեր ընտրութիւնը, կարեւոր է միայն չոր մորթին վրայ ցանել կամ ծեփել գեղարարը՝ արեւուն ճառագայթներուն տակ մնալէն 15-30 վայրկեան առաջ։
7- Կրնա՞ք անցեալ տարուան շիշը գործածել նաեւ այս տարի։ Անպայման ստուգեցէք անոր թուականը եւ ապա գործածեցէք։ Նաեւ անհրաժեշտ է գիտնալ, որ եթէ ճիշդ քանակով եւ ձեւով կը գործածենք, արդէն յաջորդ տարուան պէտք չէ մնայ։ Կարգ մը գեղարարներ շուտ կը կորսնցեն իրենց զօրութիւնը, հետեւաբար պէտք չէ երկար պահել զանոնք, մանաւանդ անոնք, որոնք UVA ճառագայթներէն կը պահպանեն։
Ապահով, ուրախ եւ հանգիստ ամառուան արձակուրդի մը ընթացքին, վստահ այս խորհուրդները պիտի յիշէք եւ անպայման պիտի օգտուիք անոնցմէ։
Ամենայն բարիք ձեզի, ձեր ընտանիքին եւ զաւակներուն հետ եւ ուրախ արձակուրդ։