ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի (ՀՀՀ) Թորոնթոյի մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած համագաղութային ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 6ի երեկոյեան, ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին Հայաստանէն ժամանած Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախկին նախագահ, ՀՀՀ Հոգաբարձուներու խորհուրդի փոխնախագահ եւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Արկադի Ղուկասեան եւ իր կողակիցը, Գանատայի մօտ Հայաստանի հաւատարմատար Արման Յակոբեան, Գանատահայոց առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեան եւ ուրիշներ:
Երեկոյթը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, զորս մեկնաբանեց Լենա Պէյլէրեանը, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Վանիկ Յովհաննէսեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Պերճ Մինասեանը, որ ներկաները ողջունելէ ետք, իրեն վստահուած պարտականութիւնը լի ու լի կատարելով՝ գեղեցիկ մէջբերումներով ամբողջ երեկոյթի տեւողութեամբ հանդիսութիւնը վարեց:
Հայր Եղիա Ծ. վրդ. Քիրէջեանի սեղաններու օրհնութենէն ետք, ճաշի սպասարկութիւն տեղի ունեցաւ, եւ մեծ պաստառի վրայ 2009 թուականին աշխարհացրիւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամներու կողմէ կատարուած ծրագիրներու տեսաերիզը ցուցադրուեցաւ։
Ապա Արկադի Ղուկասեան եւ Թորոնթոյի հիմնադրամի վարիչներուն կողմէ տարեդարձի կարկանդակը կտրուեցաւ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն Արա Պոյաճեան իր սրտի խօսքը փոխանցելէ ետք, հանգամանօրէն ներկայացուց օրուան հիւր բանախօս Արկադի Ղուկասեանը, որ 2009 թուականին, իբրեւ Արցախի հերոս՝ պատուուեցաւ «Ոսկի Արծիւ» շքանշանով։
Բեմ բարձրացաւ Արկադի Ղուկասեան, որ իր խօսքերուն մէջ անդրադարձաւ «Հայաստան» հիմնադրամի կարեւորութեան, եւ մասնաւորաբար նշեց Թորոնթոյի հիմնադրամին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերականգնման բերուած նպաստին ու տարուած աշխատանքին։
Ղուկասեան ուրախութեամբ յայտնեց թէ, հակառակ որ Թորոնթոյի հայ համայնքը, բաղդատաբար ուրիշ գաղութներու, աւելի փոքր համայնք մըն է, բայց անհատական ամենամէծ ներդրումը կու գայ Թորոնթոյէն։ Այս առթիւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն եւ հիմնադրամի վարիչներուն։ Ան նաեւ շեշտեց, թէ իրենց բուն նպատակը պիտի ըլլայ թափ տալ Շուշիի վերաշինութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, ՀՀՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներէն Արա Պոյաճեանի երկար տարիներու ծառայութիւնը նկատի ունենալով՝ զայն պարգեւատրեց «Երախտագիտութեան» շքանշանով, զոր պարգեւատրեալը ստացաւ ձեռամբ Արկադի Ղուկասեանի:
Նկատի ունենալով, որ այս տարի ձմեռնային ողիմպիականները Գանատայի մէջ տեղի ունեցան, Թորոնթոյի հիմնադրամին անունով Մկրտիչ Մկրտիչեանը Արկադի Ղուկասեանին նուիրեց ողիմպիականի մանրակերտ ջահը՝ անուանելով զինք «Արցախի ջահակիր»։
Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ հիմնադրամի յաջորդ ձեռնարկը պիտի ըլլայ Շուշիի մէջ կրթական եւ մշակութային կեդրոնին վերակառուցումը, որ կը կարօտի 450 հազար տոլարի։
Սրահին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Թորոնթոյի հայ վարժարաններու աշակերտութեան կողմէ նուիրուած 3500 տոլարնոց «չեք»ը, ինչպէս նաեւ 13 տարեկան փոքրիկն Վիկտորիա Խաջաւիի՝ իր անձնական ջանքերով հաւաքած 2200 տոլարը։ Կատարուած հանգանակութեան ընդհանուր գումարը հասաւ 260 հազար տոլարի։