ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, Յունիս 9ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում՝ նուիրուած «Ծաղկաքաղ արեւմտահայ գրականութեան» (խմբագիր՝ Պօղոս Սնապեան) եւ «Ծաղկաքաղ սփիւռքահայ գրականութեան» (խմբագիր՝ Յարութիւն Քիւրքճեան) զոյգ հատորներուն։
Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեանը, որ նշեց, թէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատուէրով լոյս տեսած զոյգ հատորները միշտ օգտագործելի գործեր են, որոնց մէջ նաեւ տեղ գտած են բազմաթիւ նորութիւններ:
Գրիգորեան ըսաւ, թէ ուսանողութեան ու ակադեմական շրջանակը ներգրաւող զոյգ հրատարակութիւնները կը ծանօթացնեն արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան հիմնական դէմքերը, որոնց ընտրութիւնը կատարուած է զոյգ խմբագիրներուն՝ Պօղոս Սնապեանին եւ Յարութիւն Քիւրքճեանին կողմէ։
Ապա ներկաները ընթերցեցին «Ծաղկաքաղ արեւմտահայ գրականութեան» եւ «Ծաղկաքաղ սփիւռքահայ գրականութեան» հատորներէն հատուածներ։ Կարդացուեցան Երուանդ Սրմաքեշխանլեանէն, Եղիա Տեմիրճիպաշեանէն, Յակոբ Օշականէն, Կոստան Զարեանէն, Զահրատէն եւ այլ հեղինակներէ ստեղծագործութիւններ, որոնց շուրջ նաեւ տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց ու քննարկում։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.