ՕՇ, Ղրղզստան, «Էյ.Փի.».- Իւզպեքիստանի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, Յունիս 14ին հաղորդեցին, թէ աւելի քան 100,000 իւզպեքներ կը գտնուին Ղրղզստան-Իւզպեքիստան սահմանին վրայ՝ փախուստ տալով Ղրղզստանի հարաւային շրջաններուն մէջ վերջին քանի մը օրերուն տեղի ունեցած իւզպեքներու վրայ ղըրղզ ծայրայեղականներու յարձակումներէն:
Բախումները, չորրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան Երկուշաբթի օր։ Վերջին տուեալներուն համաձայն, զոհերուն թիւը աւելի քան 124 է, իսկ վիրաւորներունը՝ աւելի քան 1500։ Սահմանային շրջաններ հասած իւզպեքներու ներկայացուցիչ մը յայտնեց, թէ զոհերուն թիւը 200էն աւելի է արդէն:
Ղրղզստանի ժամանակաւոր կառավարութիւնը հարաւային շրջաններ յաւելեալ ուժեր ուղարկելու համար զօրահաւաք յայտարարեց, իսկ իշխանութիւնները զինուորներուն հրահանգեցին անկարգներուն վրայ կրակ բանալ։ Բայց եւ այնպէս, կառավարութիւնը ցարդ չէ յաջողած իրավիճակը վերահսկողութեան տակ առնել։
Իրավիճակը կը սրի նաեւ Ճալալապատի շրջանին մէջ, ուր անծանօթ անձեր յարձակումներ կը կատարեն ոստիկանութեան բաժանմունքներուն եւ մինչեւ իսկ հիւանդանոցներուն վրայ։
Երկրին ժամանակաւոր կառավարութիւնը խաղաղապահ ուժեր ուղարկելու խնդրանքով դիմած էր Ռուսիոյ, սակայն Մոսկուան մերժած էր խնդրանքը՝ պատճառաբանելով, թէ տեղի ունեցողը ներքին տագնապ է։
Խռովութեանց պատասխանատու կը նկատուին իշխանութենէն եւ երկրէն հեռացուած Ղրղզստանի նախկին նախագահ Ղուրմանպեք Պաքիեւի համակիրները, սակայն Պաքիեւ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ կը պնդէ, որ ինք երկրին մէջ տիրող անկարգութիւններուն հետ որեւէ կապ չունի, միաժամանակ կողմերուն կոչ ուղղելով դադրեցնելու արիւնալի բախումները։ Ան նաեւ այդ բախումներուն համար կը մեղադրէ երկրի ժամանակաւոր կառավարութիւնն ու անոր ղեկավար Ռոզա Օտումպայեւան։
«Ճիշդ ժամանակին ամբողջ ուժերը զօրահաւաքի ենթարկելու եւ իրավիճակը կայունացնելու փոխարէն, ժամանակաւոր կառավարութեան ներկայացուցիչները հարցազրոյցներ կու տային եւ կատարուածին համար պատասխանատուութիւնը իմ եւ հարազատներուս ուսերուն կը բարդէին», յայտարարեց ան եւ ընդգծեց, թէ «անոնք անամօթաբար կը ստեն»։
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով ականատեսներու վկայութիւնները՝ կը հաղորդէ, որ Ճալալապատի մէջ շարունակուող անկարգութիւններուն աշխուժօրէն կը մասնակցին նախկին նախագահ Պաքիեւի հարազատները:
Նշենք, որ Ապրիլին Ղրղզստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք Պաքիեւ Պելոռուս ապաստանեցաւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.