ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 14ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան նշած է, թէ անցեալ շաբաթ, Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղին մօտակայքը գտնուող «Թռչունների քարայր»ի հնագիտական պեղումներուն ընթացքին գտնուած 5500ամեայ կօշիկը, այժմ կը գտնուի Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ, եւ շուտով պիտի ցուցադրուի այցելուներուն: Ըստ Աւետիսեանի, պեղումները սկսած են 2007ին, ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ու իրլանտական հնագէտներէ բաղկացած արշաւախումբի մը կողմէ:
«Հայ-ամերիկա-իրլանտական համատեղ այս արշաւախմբի պեղումների ընթացքում բացուել են բազմաթիւ շերտեր, ի յայտ են եկել շատ լաւ պահպանուած բազմաթիւ գտածոներ, որոնք թուագրւում են Ն.Ք. 4200 թուականից մինչեւ 3500 թուականները», ըսած է հիմնարկին տնօրէնը՝ աւելցնելով, որ նշեալ քարայրի կլիմային չորութեան եւ սունկերու մնացորդներու բացակայութեան շնորհիւ է, որ օրկանական նիւթերը բացառիկ կերպով պահպանուած են:
Պ. Աւետիսեանի խօսքով, կօշիկը գտնելէ ետք անոր չորս մասնիկները ուղարկուած են Օքսֆորտ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարաններ՝ համապատասախան փորձաքննութիւններէ անցնելու համար:
Նշենք, որ միայն մէկ կտոր կաշիէ կարուած եւ զայն կրող մարդու ոտքին ձեւը ստանալու համար՝ լաւ մտածուած տրեխ-կօշիկը յայտնաբերուած է խոտով լեցուն վիճակի մէջ: Գիտնականները յայտնած են, որ իրենք չեն գիտեր, թէ նախամարդիկ կօշիկին մէջ խոտ լեցուցած են զայն տաք պահելու, կամ ձեւը պահպանելու համար:
Եւրոպական ոտնաչափով 37 թիւին համազօր այդ կօշիկը կրնայ պատկանած ըլլալ ե՛ւ տղամարդու, ե՛ւ կնկայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.