ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ու Իսրայէլի վերջին հակամարտութիւնը օրերէ ի վեր կը զբաղեցնէ միջազգային քաղաքական աշխարհը։ Ամերիկացի յայտնի լրագրող Սիմուր Հըրշ, որ «Նիւ Եորքըր» շաբաթաթերթի «Փուլիցըր» մրցանակակիր գրողներէն մէկն է, յայտարարութիւն մը ըրած է «Թաքվիմ» թերթին ու ըսած է, թէ Հայաստանն է որ շահաւոր կ՛ելլէ, եթէ Թուրքիոյ ու Իսրայէլի միջեւ հակամարտութիւնը աւելի խորանայ։
«Որովհետեւ, Ամերիկայի հրէական կազմակերպութիւնները, որքան ալ ընդունիլ չուզեն, պիտի ստիպուին զօրավիգ կանգնիլ 1915ի պատահարներու ճանաչման։ Անոնք արդէն իսկ սկսած են աշխատիլ կարգ մը հասարակաց կէտերու վրայ։ Երկիր մըն ալ, որ չի ցանկար, որ Թուրքիա յառաջդիմէ, Հայաստանն է», ըսած է Հըրշ։
Թրքական լրատու աղբիւրներ արձագանգ կը հանդիսանան նաեւ Հայաստանի ՀՅԴի անդամներէն Ժորժեթ Աւագեանի մէկ մեկնաբանութեան, ըստ որուն, Իսրայէլ Հայկական Ցեղասպանութեան խաղաքարտը յառաջ կը քշէ, ամէն անգամ, երբ Թուրքիոյ հետ լարուած կացութիւն ստեղծուի, սակայն զայն կը մոռնայ, երբ տագնապը լուծուի:
«Անմիջապէս, երբ կողմերը համաձայնութեան գան, պիտի մոռնան հայերու ողբերգութիւնը։ Իսրայէլի քաղաքագէտները, որոնք Թուրքիոյ հետ խնդիր ունենալ չեն ուզեր, Հայկական Հարցը օրակարգէն դուրս պիտի հանեն, մինչեւ նոր տագնապի մը ստեղծումը», ըսած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.