ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Յունիս 11ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի՝ տեղի ունեցաւ դոկտ. Սալեհ Զահրետտինի հեղինակած «Հայ ժողովուրդի ջարդերը եւ մեծ ժողովուրդներու կեցուածքը անոր նկատմամբ» գիրքին շնորհահանդէսը:
Ներկայ էին միաբան հայրեր, նախարարներ եւ երեսփոխաններ, տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայ թէ օտար մտաւորականներ:
Բացման խօսքը արաբերէն լեզուով արտասանեց Նորայր եպս. Աշըգեան՝ անդրադառնալով ձեռնարկի կարեւորութեան, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութեան բնագաւառներէն մին եւ Հայ Դատի հետապնդման գծով կարեւոր նախաձեռնութիւն:
Ապա խօսք առաւ տիւրզի շէյխ Սէմի Ապի Էլ Մունա՝ վեր առնելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը, յիշելով կարգ մը մանրամասնութիւններ 1915ին գործուած մեծ ոճիրէն:
Հատորի սրբագրութեան աշխատանքներուն մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած Ժիրայր Ռէիսեանը եղաւ յաջորդ խօսք առնողը: Ան անդրադարձաւ գործին բովանդակութեան եւ հրատարակչական աշխատանքներուն:
Գլխաւոր խօսքը տրուեցաւ հեղինակին՝ դոկտ. Զահրետտինին, որ հայ ժողովուրդին նկատմամբ իր խոր յարգանքին իբրեւ արտայայտութիւն, եւ մարդկային իրաւանց ու արդարութեան յայտնաբերման իր անդուլ ճիգերուն արգասիքը նկատեց այս աշխատութիւնը: Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց իր անձին նկատմամբ այն վերաբերումին, զոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վեհափառին ճամբով ցուցաբերած էր, ու իր գործը արժանացուցած հրատարակութեան:
Ի վերջոյ, հայրապետին գնահատանքի ու հայրապետական օրհնութեան խօսքը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Կոմիտաս արք. Օհանեան: Նորին սրբութիւնը իր խօսքին մէջ վեր առած էր գործին եզակի նշանակութիւնը, իբրեւ օտար հեղինակի կողմէ գրուած օտար լեզուով հրատարակուած գիրք՝ հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներուն մասին: «Այս գիրքը, հայերէն լեզուով նոյն նիւթին մասին գրուած բազմաթիւ հատորներու շարքին, պիտի ճոխացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար արդարութիւն պահանջող հատորներուն շարքը, մինչեւ որ անոնց մէջ արձանագրուած ճշմարտութիւնները ընդունելի դառնան միջազգային ընտանիքին կողմէ», կ՛ըսէ կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.