ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Յունիս 15ին «Ուուտրօ Ուիլսըն» կեդրոնի գործադիր վարիչ Լի Հեմըլթընի յղուած թուակիր նամակով մը, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ Կերի Էյքըրմըն իր «խոր մտահոգութիւնը եւ դժկամութիւնը» կը յայտնէ կեդրոնի Հանրային սպասարկութեան մրցանակը այս տարի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումին նկատմամբ:
Էյքըրմըն, որ ատենապետն է Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Ասիոյ հարցերու ենթայանձնախումբին, կ՛աւելցնէ, թէ յատկապէս այս օրերուն մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու քայլը «ամբողջովին չի համապատասխաներ» կեդրոնին առաքելութեան եւ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի սկզբունքներուն ու անոր որդեգրած արտաքին քաղաքակնութեան վարկագիծին:
«Տաւութօղլուի առաջնորդութեամբ, Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը լեցուն է ապօրինութեամբ, անպատասխանատուութեամբ ու կեղծիքով: Թուրքիա ոչ միայն կ՛ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլ նոյնիսկ անոր ճանաչումը քրէական յանցանք կը նկատէ Թուրքիոյ տարածքին: Աւելի անդին երթալով՝ Թուրքիա նոյնսիկ կը սպառնայ խզել յարաբերութիւնները այն երկիրներուն հետ, որոնք կը հաստատեն, թէ 1.5 միլիոն հայերու ոչնչացումը հետեւանք էր Օսմանեան կայսրութեան որդեգրած պետական քաղաքականութեան: Թուրքիա նաեւ կը շարունակէ բռնագրաւել Կիպրոսը՝ դէմ կենալով կղզին վերամիացնելու նպատակով ՄԱԿի գլխաւորած եւ ամերիկեան աջակցութիւնը վայելող ջանքերուն: Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը՝ անոր բացումը կապելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման», կը գրէ քոնկրեսականը:
Կերի Էյքըրմըն նաեւ կը քննադատէ Իրանի դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որդեգրած բանաձեւին դէմ քուէարկելու Թուրքիոյ որոշումը եւ Սուտանի ցեղասպանական իշխանութեանց նեցուկ կանգնելու Անգարայի կեցուածքը: Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքիա անտեղի կերպով Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը հրահրած է՝ մերժելով Կազայի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնները Իսրայէլի միջոցաւ փոխադրելու՝ Թեւ Աւիւի կառավարութեան պայմանը: «Իր ուշադրութիւնը Կազայի ժողովուրդին օժանդակելու ջանքերուն վրայ կեդրոնացնելու փոխարէն, Թուրքիա կը փորձէ վարկաբեկել Իսրայէլը», կը գրէ ան՝ «հիւանդագին» որակելով նաւատորմիղին վրայ իսրայէլեան յարձակումը՝ Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական արարքներուն համազօր քայլ մը նկատելու Տաւութօղլուի յայտարարութիւնը:
Այս բոլորէն ետք, ան կոչ կ՛ընէ կեդրոնին, որ մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումը բեկանէ:
Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի մեծ-մեծ հօր շարաւիղներէն Տանըլտ Ուիլսըն Պուշ եւս նամակով մը դէմ արտայայտուած է մրցանակը Տաւութօղլուին շնորհելու որոշումին՝ քննադատելով Լի Հեմըլթընի դերակատարութիւնը այս որոշումին մէջ:
Լի Հեմըլթըն Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովի նախկին ատենապետն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.