ՍՈՉԻ.- Սոչիի Ատլերեան շրջանէն ներս գտնուող հայկական Ս. Սարգիս եկեղեցիէն գողցուած սրբապատկերները վերադարձուած են Հայ առաքելական եկեղեցիին:
Ըստ Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթի տուած տեղեկութիւններուն, անցեալ տարուան Նոյեմբերին, յանցագործներ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն գողցած էին երկու սրբապատկերներ, որոնցմէ մէկը պատմական արժէք ունեցող գործ էր:
Յանցագործները ձերբակալուած էին: Գողութեան փաստով յարուցուած քրէական գործը պիտի քննուի Սոչիի Ատլերեան Շրջանային դատարանին կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.