ՊԷՅՐՈՒԹ.- Երկուշաբթի, Յունիս 14ի երեկոյեան, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ մամլոյ 42րդ լսարանը, որուն ընթացքին շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ «Երիտասարդ Ֆրէօյտը՝ Կազայի մէջ» վաւերագրական ժապաւէնը ներկայացուեցաւ։
Ժապաւէնին հեղինակները՝ դոկտ. Սիւզան Խարտալեան եւ Փիօ Հոլմքուիստ, պաղեստինեան առօրեայի իրական պատկերներով, պաղեստինեան դատը կը ներկայացնեն մարդկային դիտանկիւնէն՝ փորձելով «մահը կեանքի նպատակակէտ դարձուցած» պաղեստինցիի տիպարը ներկայացնել զուտ մարդկային զգացումներու դիտանկիւնէն։
Շուէտ բնակող վաւերագրական ժապաւէններու պատրաստութեան մասնագէտ դոկտ. Սիւզան Խարտալեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ ժապաւէնին պատրաստութիւնը տեւած է երեք տարի։ Ներկայացուած են պաղեստինցի ժողովուրդի առօրեայ ապրուստի եւ գոյատեւման պայքարի հարցերը։ Հետապնդուած են պարագաներու ախտաճանաչման դարմանումի միջոցները՝ փորձելով ցոյց տալ հոգեբոյժ Այատի միջոցով ստացուած եզրայանգումները։
Ժապաւէնը կու գայ պարզելու հայուն ճակատագրակից ժողովուրդի՝ պաղեստինցիներու, ապրած գողգոթայի մարդկային երեսը՝ հեռու քաղաքական շահարկումի ոլորտներէն։ Անիկա կու գայ պարզելու իրենց մանկութիւնը չվայելող պաղեստինցի մանուկներու ապրած ողբերգութիւնը, երբ անոնք իրենց իսկ վկայութեամբ, կը նշեն իրենց ընտանիքի անդամներու սպանութիւնը։ Այս բոլորը կու գան յիշեցնելու հայ մանուկներու Եղեռնի սերունդին ապրած ողբերգութիւնը, որ հարազատօրէն նկարագրուած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» խորագիրով գիրքին մէջ։
Ժապաւէնը կ՛ընդգրկէ նաեւ Ֆաթհ եւ Համաս շարժումներուն միջեւ եղբայրասպան կռիւներէն տեսարաններ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.