ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Պահպանողական դատաւորներու հակակշռին տակ մնացող Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանը Երկուշաբթի, Յունիս 21ին, 3ի դէմ 6 քուէներով որոշեց անփոփոխ պահել վերջին տասնամեակին ամերիկացիներու իրաւունքները սահմանափակած «հակաահաբեկչական» օրէնքներու այն կէտը, որ ապօրինի կը նկատէ նոյնիսկ տագնապներու խաղաղ լուծում գտնելու նպատակով տրուած որեւէ խորհուրդ, եթէ զայն ստացողը Ամերիկայի կողմէ «ահաբեկի»չ կը նկատուի:
Օրէնքին այդ կէտը ապօրինի նկատող «Մարդասիրական օրէնքի ծրագիր» կազմակերպութիւնը այս գծով դատ բացած էր, որպէսզի անոր անդամները կարողութիւնը ունենան իրաւական խորհրդատուութիւն կատարելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան, որ «ահաբեկչական» որակուած է Ուաշինկթընի կողմէ:
Մինչեւ այս օրէնքին որդեգրումը, կազմակերպութիւնը հիւսիսային Իրաքի մէջ խորհուրդներ կու տար քրտական կուսակցութեան, թէ ինչպէս կրնայ ՄԱԿին կամ միջազգային այլ մարմիններու ներկայացնել Թուրքիոյ կողմէ քիւրտերու դէմ իրագործուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու դէմ բողոքներ:
Կազմակերպութիւնը նաեւ քրտական կուսակցութեան եւ Թուրքիոյ իշխանութեանց միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններ իրականացնելու նպատակով աշխատանք կը տանէր:
Սակայն, Գերագոյն ատեանին մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Ուաշինկթընի այն պնդումին, թէ օրէնքին այդ կէտը՝ «կենսական զէնք մըն է» ահաբեկչութեան դէմ:
Մեծամասնութեան դէմ քուէարկած դատաւորներէն Սթեֆըր Պրայըր իր անձնական որոշումը բարձրաձայն կարդալով՝ քննադատեց ատեանին որոշումը, զայն ազատ արտայայտուելու տարրական իրաւունքի ոտնակոխում համարելով:
Ներկայիս մօտաւորապէս 50 կազմակերպութիւններ «ահաբեկչական» կ՛որակուին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ: