ՀՕՄի Իններորդ Տասնամեակը (1980-1990)
Ա. ՄԱՍ
1990ական թուականներուն սկիզբի տարիները հայերուս համար եղան արագընթաց վերիվարումներու ժամանակաշրջան մը. Հայաստանի եւ Ղարաբաղի անկախ հանրապետութիւններու հռչակում, Արցախի ազատագրական պայքար, Հայաստանի շրջափակում եւ տնտեսական տագնապ: Այս պատմական փոփոխութիւններուն հետեւանքով, ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան եւ բոլոր միաւորներուն գործունէութեան դաշտը ընդարձակուեցաւ եւ պարտականութիւնները բազմապատկուեցան:
ՀՕՄի կազմակերպչական իրավիճակն ալ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: 1990 Յուլիսին, Շիքակոյի մէջ գումարուած հիւսիսային Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան Պատգամաւորական ժողովին, կազմուեցաւ Գանատայի շրջանը, (1984ին՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը): 1991ին Յունուարին, Հայաստանի մէջ հիմը դրուեցաւ Հայ Օգնութեան Խաչին (ՀՕԽ): Դարձեալ 1991ին, 52 տարիներու դադարէ մը ետք, Պուլկարիոյ մէջ չորս մեկուսի մասնաճիւղեր վերակազմուեցան: 1993ին՝ Շուէտի Սթոքհոլմ եւ Ուփսալա, 1994ին՝ Ռուսիոյ Մոսկուա եւ Պեթերզպուրկ քաղաքներուն եւ 1995ին՝ Քուէյթի մէջ հինգ նոր մասնաճիւղեր հիմնուեցան: Այսպէս, ՀՕՄը 1995ին, 21 երկիրներու մէջ իր 203 մասնաճիւղերով դարձաւ իրապէս համաշխարհային կազմակերպութիւն մը:
ՀՕՄ-Ի 80ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄՆԱՅՈՒՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
1990ին, Կեդր. Վարչութիւնը որոշեց իր հիմնադրութեան 80ամեակին նուիրուած մնայուն ձեռնարկ մը սկսիլ հայրենիքի մէջ: Երկար խորհրդակցութիւններէ ետք, ան վճռեց Հայաստանի տարածքին Հայ Կեդրոններ կառուցանել, որոնք գոհացում պիտի տան շրջաններու կարիքներուն եւ ՀՕԽի մասնաճիւղերու ծրագիրներուն:
Կեդր. Վարչութիւնը իր պիւտճէէն 100,000 տոլար յատկացուց այս ծրագրին, իսկ 1990ի Մայիսին, 127,870.00 տոլար նուիրատուութիւն մը կատարուեցաւ Ամերիկայի Մինիսոթա նահանգի հայութեան կողմէ, նոյն նպատակին համար:
Ցարդ իրագործուած են Ազատամարտի շէնքը, Աշտարակի ակումբը, Կիրովականի (Վանաձոր) ակումբը եւ ՀՕԽի շէնքը:
ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԵՐ
Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերը փրկելու եւ մասնաւորաբար տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար, Կեդր. Վարչութիւնը որոշեց 1990 Օգոստոսին, «Լինսի» հիմնարկութենէն ստացած 100,000 տոլար նուիրատուութիւնը այս նպատակին յատկացնել: Նաեւ, ան այս կարեւոր գործին համար իր միաւորներուն աջակցութիւնը հայցեց:
1992-1995 տարիներուն Կեդր. Վարչութիւնը 35,000 տոլար յատկացուց սահմանամերձ գիւղերու մշակութային կեդրոններուն եւ ջանաց Զանգեզուրի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ հայ բնակչութեան թիւը աւելցնել:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարիներուն՝ 1918-1920, Նիւ Եորքի մէջ հիմնուած ՀՕՄը միացաւ Հայաստանի Կարմիր Խաչին, բայց դարձեալ դարձաւ միայն Սփիւռքի կազմակերպութիւն:
Սակայն, 71 երկար տարիներ ետք, Յունուար 1991ին, ՀՕՄի Համահայկական Կեդր. Վարչութեան ատենապետուհիին եւ վարիչ քարտուղարուհիին ներկայութեամբ, հիմը դրուեցաւ Հայաստանի Օգնութեան Խաչին (ՀՕԽ):
ՀՕԽի Շրջ. Վարչութեան Անդրանիկ Պատգ. ժողովը գումարուեցաւ Օգոստոս 1991ին: Ժողովին կը մասնակցէին 30է աւելի մասնաճիւղեր:
ՈՐԲԵՐՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Օգոստոս 1991էն սկսեալ, ՀՕԽի Շրջ. Վարչութիւնը, իր մասնաճիւղերուն միջոցաւ, սկսաւ ցանկագրել Հայաստանի տարածքին որբերու անուններն ու հարկ եղած տեղեկութիւնները: ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնն ալ իր կարգին, ցանկերը փոխանցեց Սփիւռքի շրջաններուն եւ Մեկուսի մասնաճիւղերուն , որպէսզի հովանաւորողներ գտնեն վերոյիշեալ որբերուն: Խնամակալը ամէն տարի 120 տոլարով կը ստանձնէ հայ որբի մը հոգատարութիւնը, մինչեւ 18 տարիքը, 2009էն ետք՝ 200 տոլար:
1992-2001, 4340 որբեր օգտուած են այս ծրագրէն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: 1374 լրացուցած են 18 տարիքը:
ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐ
ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը փորձեց օգնել ՀՕԽի ընկերուհիներուն, վիրաւոր ազատամարտիկներու հոգատարութեան դժուարին գործին մէջ:
Տասնեակ մը եւ աւելի վիրաւորներ, որոնց խնամքը անհնար կը թուէր ըլլալ հայրենիքի այդ ժամանակուան պայմաններուն տակ, խնամուեցան, շնորհիւ ՀՕՄի Սփիւռքի զանազան շրջաններուն, որոնք ստանձնեցին անոնց ճանապարհածախսը եւ հոգատարութիւնը:
ՔՈՅՐ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐ
Հայաստանի Օգնութեան Խաչի նորաստեղծ Շրջ. Վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն առաւելագոյն չափով օժանդակելու համար, Կեդր. Վարչութիւնը որդեգրեց Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ քոյր մասնաճիւղերու դրութիւնը:
Սփիւռքի մասնաճիւղը նիւթական օժանդակութիւններով եւ այլ մարզերու մէջ ունեցած իր փորձառութեամբ պիտի փորձէր Հայաստանի իր քոյր մասնաճիւղին օգտակար դառնալ, ՀՕԽի եւ ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան կողմէ նախապէս ճշդուած մարզերուն մէջ:
Սոյն տասնամեակին, Սփիւռքի 10 մասնաճիւղեր քոյր-մասնաճիւղեր ունէին Հայաստանի մէջ:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ
ԱՆՄԻæԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
Նկատի ունենալով, որ հայրենի մեր ժողովուրդը կ՛ապրէր ճգնաժամային օրեր, իբրեւ հետեւանք Ատրպէյճանի կողմէ պարտադրուած շրջափակումին, եւ ի տես Հայաստանի դաժան ձմրան , Նոյեմբեր 1991ին, Կեդր. Վարչութիւնը զօրաշարժի ենթարկեց իր բոլոր միաւորները, որպէսզի անմիջապէս դրամահաւաքի սկսին եւ օգնութիւն փութացնեն հայրենիք: Դեկտեմբեր 1991էն մինչեւ Յուլիս 1992, 709,502.77 տոլար հաւաքուեցաւ:
Դեկտեմբեր 1991էն սկսեալ ՀՕՄի Կեդր. Վարչութիւնը որոշեց նաեւ ամէն գնով զօրավիգ կանգնիլ Արցախի խիզախ պայքարին: Իբրեւ առաջին հանգրուան այս ծրագրին, որոշեց Արցախի գիւղերուն 25 ալիւրի ջրաղացներ ու 10 ելեքտրածին մեքենաներ (generators) ղրկել: Կեդր. Վարչութիւնը «Լինսի» հիմնարկութենէն 1991 տարուան համար իր ստացած 100,000 տոլար նուիրատուութիւնը այս նպատակին յատկացուց: Ծախսերը շատ աւելի ըլլալով, վարչութիւնը դարձեալ դիմեց իր աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերուն, որոնց ջանքերով գոյացաւ 94,218.82 տոլար:
Յունուար 1992էն մինչեւ Յուլիս 1992, եօթը ամսուան ընթացքին, 13 առաքումներ կատարուեցան. 10ը՝ Հայաստանի եւ 3ը՝ Արցախի համար: Առաքումները կատարուեցան օդանաւով (Միացեալ Հայկական Ֆոնտի, որուն անդամ է նաեւ ՀՕՄը), Գերմանիայէն բեռնատար կառքերով, եւ Լիբանանէն՝ նաւով, հայրենիք եւ Արցախ փոխադրելով սննդամթերք, դեղորայք , բրդեղէն, վիրաբուժական եւ այլ գործիքներ, հագուստեղէն, օճառ, հեծանիւներ, գրասենեակի պիտոյքներ, ծածկոցներ, 4 շարժասայլակներ, 25 ջրաղացներ, 10 ելեքտրածին մեքենաներ, եւայլն: Վերոյիշեալ 13 առաքումներուն ընդհանուր դրամական արժէքն էր 1,274.000 տոլար: