ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ողջ ընթացքին բազմաթիւ օտար բռնատէրերու կողմէ ենթարկուելով զանազան հալածանքներու՝ գոյատեւելու ուժեղ բնազդ ձեռք բերած է: Վտանգներէ խուսափելու համար, հայերը սորված են հաւատարիմ մնալ զիրենք իշխող երկիրներուն, եւ նոյնիսկ դառնալ անոնց կամակատարը:
Հակառակ հայ ժողովուրդին տարած «բարոյական բազմաթիւ յաղթանակներուն», անոր ռազմական յաջողութիւնները հազուադէպ են: Պէտք է երկու հազարամեակ յետ վերադառնալ՝ հայ տիրակալ Տիգրան Մեծն արքայի (Ն.Ք. 140-55) նուաճումներուն եզակի օրինակը բերելու համար. անոր լայնատարած կայսրութիւնը կ՛երկարէր Կասպից Ծովէն մինչեւ Միջերկրական: Նոր դարաշրջանին, նախքան Հայոց Ցեղասպանութիւնը, հայ ֆետայիները մարտնչած են մարդասպան թուրքերուն եւ վարձկան քիւրտերուն դէմ: Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին (1915-1923) Շապին-Գարահիսարի, Ուրֆայի, Մուսայ լերան, Վանի, Այնթապի, Հաճընի, Սասնոյ եւ Զէյթունի հայերը քաջաբար ինքնապաշտպանութեան դիմած են, մինչ անոնց 1.5 միլիոն հայրենակիցները կոտորուած են գառի պէս: Սարդարապատի հերոսական ճակատամարտը փրկեց հայ ժողովուրդին մնացած մասը Արեւելեան Հայաստանի մէջ եւ աւարտեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան ստեղծումով՝ 1918 թուականին: Վերջապէս, 1988ին, հայ ժողովուրդի քաջարի զաւակները, մարտնչելով Ատրպէյճանի շատ աւելի մեծ ու աւելի լաւ սպառազինուած զինուած ուժին դէմ՝ ազատագրեցին Արցախը:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ 19րդ դարի վերջաւորութեան եւ 20րդ դարի սկիզբը արեւմտեան շատ միսիոնարներ, վաճառականներ, գրողներ ու ճանապարհորդներ իրենց հանդիպած հայերին կը նկարագրէին իբրեւ «հլու-հնազանդ»: Հայ-գանատական Keghart.com կայքը անցեալ շաբաթ իր խմբագրականին մէջ մէջբերում կատարած է դոկտ. Ուիլեըմ Կուտելի՝ 1871 թուականի Կոստանդնուպոլսոյ հայերուն մասին նկարագրութենէն. «Չորսդարեայ տառապանքները, հալածանքներն ու տագնապը խոր հետք թողած են ողջ համայնքին վրայ… յարատեւ վախը, տանջանքներն ու նուաստացումները ջնջած են արիութեան բոլոր հետքերը… Միայն աւելի երջանիկ ժառանգներու քանի մը սերունդներ կրնան մաքրել ստրկութեան երկար տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած մտաւոր արատները»:
Ցաւօք, շատ հայեր տակաւին պէտք է թօթափեն իրենց հոգիին մէջ խորապէս արմատացած ստրկական մտածելակերպը, զոր ժառանգած են դարեր շարունակ օտարի լուծին տակ ապրած իրենց նախնիներէն: Սփիւռքի համայնքներուն եւ Հայաստանի մէջ կարելի է ականատես ըլլալ նման վարքագիծի բազմաթիւ օրինակներու: Յաճախ հայերը հլու հնազանդ կը տանին իրենց հանդէպ կատարուած բազում անարդարութիւններն ու վիրաւորանքները:
Ժամանակն է, որ հայերը նետեն իրենց կապանքները ու պաշտպանեն իրենց տարրական իրաւունքները: Անոնք պէտք չէ լուռ մնան ի դէմս չարաշահումներու կամ ֆիզիքական յարձակումներու, այլ, համապատասխանաբար, արձագանգեն՝ զերծ մնալով այնպիսի հապճեպ գործողութիւններէ, որոնք կրնան վտանգել իրենց համայնքները կամ հայրենիքը:
Օրինակ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, երբ պետական պաշտօնեաներ, լրագրողներ կամ գրողներ աղաւաղեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անոնք պէտք է խստօրէն քննադատուին ու վարկաբեկուին, որպէսզի ուրիշներ ձեռնպահ մնան Ցեղասպանութեան նման ժխտումներէ:
Հայերու կրաւորականութեան ամենաթարմ օրինակը անոնց տկար կեցուածքն էր անցեալ շաբաթ Արցախի վրայ ատրպեճանական Զինուած ուժերուն կատարած գիշերային յարձակման նկատմամբ, որուն հետեւանքով չորս հայ զինուորներ զոհուեցան, նոյնքան ալ՝ վիրաւորուեցան: Զոհուածներուն համար ցաւակցութիւն յայտնելէ եւ յարձակումը դատապարտելէ բացի, Հայաստանի իշխանութիւնները որեւէ գործնական քայլի չդիմեցին:
Ի պատասխան այս լկտի եւ առանց դրդապատճառներու յարձակման, Հայաստանը պէտք է չեղեալ յայտարարեր իր մասնակցութիւնը Արցախի շուրջ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին: Բացարձակապէս անընդունելի է խաղաղ բանակցութիւններու վարում, երբ Ատրպէյճան ռազմական միջոցներու կը դիմէ: Այս իրավիճակին մէջ հայերը իրաւունք ունին ձեռնարկելու հնարաւոր ամէն գործողութեան՝ յետագայի յարձակումներէն պաշտպանուելու համար: Միայն դատապարտող յայտարարութիւն ընելու փոխարէն, հայկական կողմը պէտք է այնպիսի պատժական կանխարգելիչ հարուածներ հասցնէր, որ ատրպէյճանցիները նախքան յաջորդ յարձակում մը ծրագրելը՝ շատ երկար ու խոր մտածէին:
Ատրպէյճան պէտք է յստակ գիտակցի, թէ յետագային որեւէ յարձակում, իր կարգին՝
– Պիտի յանգեցնէ խաղաղ բանակցութիւններու ժամանակաւոր կասեցման եւ ոչ թէ արագացման՝ յետաձգելով հակամարտութեան լուծումը:
– Պիտի դրդէ Հայաստանին, վերջապէս, հրաժարելու խաղաղ կարգաւորման բոլոր բանակցութիւններէն, որովհետեւ Հայաստան անոնցմէ ոչինչ կը շահի: Ատրպէյճան ի՛նք կարիքը ունի այդ բանակցութիւններուն՝ Հայաստանէն զիջումներ կորզելու համար:
– Պիտի ազդարարէ աշխարհին, որ Ատրպէճանի կառավարութիւնը շահագրգռուած չէ հակամարտութեան խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով կարգաւորման, եւ պատասխանատու է անոնց ձախողութեան համար:
– Պիտի վարկաբեկէ միջնորդ երկիրներուն՝ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու, բարեխիղճ ջանքերը:
– Պիտի Ստիպէ Հայաստանին, որ ռազմական գործողութիւններ ձեռնարկէ, որուն իբրեւ հետեւանք, կորուստները անհամեմատ աւելի մեծ պիտի ըլլան, նոյնիսկ պիտի վնասուին քարիւղատարները, չքաջալերելու համար Ատրպէյճանը յետագայ յարձակումներ կատարելու:
Հայ ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, թէ ինքն այլեւս Օսմանեան կայսրութեան մէջ չ՛ապրիր եւ մէկու մը ստրուկը չէ: Հայերը պէտք է թօթափեն իրենց հոգեբանական կապանքները եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներով պաշտպանեն իրենց ազգային շահերը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի
խմբագիր