Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Վերջին շաբաթներուն, Հայաստանի ներքին բեմը «ողողուեցաւ» օտարալեզու դպրոցներու բացման օրինագիծին մասին ծանօթ բանավէճերով։ Արտայայտուած արդար մտահոգութիւնները Հայաստանի ներքին քաղաքական բեմը բաժնեկցեցան հայ-թրքական թղթածրարին հետ։
Այս ու նմանօրինակ զարգացումներ, յիշեալ մտահոգութիւններուն առնչակից-ուղեկից այլ հարցեր պատճառ դարձած են, որ մեր մշակոյթի քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ կենսական ու կարեւոր հարց մը, մտահոգութիւն մը, որուն խորագիրն է դասական ուղղագրութեան վերականգնումի հրամայականը, որոշ չափով քշուի լուսանցքի վրայ, պատճառաբանելով, որ «հիմա շատ աւելի տաք ու անմիջական հարցեր զբաղ կը պահեն քննարկումներու դաշտերը ու հոն գործող դերակատարները», հետեւաբար, այլ հարցեր կրնան երկրորդ հարթակի վրայ պահուիլ, օր մը կը վերադառնանք անոնց։
Կը կարծենք, որ նման մօտեցում «մատի ետին պահուըտելու» համազօր տրամաբանութիւն է. կը կարծենք, որ եթէ քաղաքական-դիւանագիտական ու մշակութային բեմերուն վրայ ունինք հրատապ հարցեր. անոնք պէտք չէ պատճառ ըլլան, որ այլ կենսական մտահոգութիւններ մէկդի ձգուին, ձգձգումի զոհ դառնան։ Նախ՝ որովհետեւ պետութիւն մը ու ժողովուրդ մը անհատ-պատանի չէ, որ չկարենայ մէկէ աւելի գիծերու վրայ՝ համարժէք հարցերու ու մտահոգութիւններու լուծում որոնել միեւնոյն ժամանակաշրջանին, յետոյ, յիշեալ (ու այլօրինակ) հարցերու լուծումներու հետապնդումը պէտք է վստահիլ համապատասխան մասնագէտներու. ուղղագրութեան կամ դպրոցներու հարցը չի կրնար ու պէտք չէ ամենայն մանրամասնութեամբ հետապնդուի քաղաքական-դիւանագիտական գործերով զբաղողներու կողմէ (մեր ակնարկութիւնը միայն իմացութեան ու գիտակութեան չի վերաբերիր, այլ կը բխի տարբեր գիծերու վրայ տարբեր «խմբակներ» համարժէք աշխատանքի վրայ տեսնելու մտահոգութենէն, տարատեսակ հարցեր միեւնոյն փոքր խմբակի «մենաշնորհ»էն ձերբազատած տեսնելու յոյսէն, ինչպէս որ կ՛ըլլայ այլ երկիրներու մէջ)։
ԱՆՎԻՃԵԼԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ
ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ
Արդ, այս սիւնակներով, կ՛ուզենք դարձեալ լուսարձակի տակ բերել հայերէն ուղղագրութեան միասնութեան հարցը, դասական ուղղագրութեան վերականգնումի պահանջը, իբրեւ արտայայտութիւն՝ մեր պատմութեան ու մշակոյթին հաւատարմութեան, իբրեւ արտայայտութիւն՝ գիտութեան ու տրամաբանութեան յանձնառութեան, իբրեւ կենսագործում՝ «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ, միասնութիւն» հաւատամքին, որպէսզի այս ճշմարտութիւնը ձերբազատի նշանախօսքային իր կեղեւէն։
Նախ արձանագրենք, որ Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ասդին, եւ ի պատիւ հայրենի պետութեան, քաղաքական խմբաւորումներուն ու ժողովուրդին, կարճ ժամանակի մէջ վերականգնեցան ազգային կարեւոր արժէքներ, իբրեւ իրողական մերժում՝ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն Հայաստանին պարտադրուած ապազգային կացութիւններու, նաեւ իբրեւ պերճախօս հաւատարմութիւն՝ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան օրով ամրագրուած արժէքներու եւ խորհրդանիշներու։ Վերականգնեցան Ազգային Եռագոյնը, Զինանշանը, Քայլերգը, եւ շարք մը այլ վսեմ աւանդներ, որոնք մաս կը կազմեն հայուն ազգային իւրայատուկ դիմագիծին, էութեան, ազգային ժառանգութիւններուն։ Համայնավար վարչակարգի տարիներուն, շատ մը այլ ազգային արժէքներու եւ ժառանագութիւններու պէս, ասոնք հեռացուած էին հայրենի հայութեան կեանքէն ու տեսադաշտէն, փորձ կատարուած էր զանոնք (ու անոնց պաշտպանները) վանելու նաե՛ւ ժողովուրդի, մտաւորականութեան ու որոշ առաջնորդներու էութենէն։ Ճնշումի լծակին չէզոքացումէն ետք, ի յայտ եկաւ, որ այդ փորձերը բարեբախտաբար իրենց նպատակին չէին հասած, թէեւ որոշ հետքեր մինչեւ օրս ալ կը մնան հոս-հոն։
Անցեալին պարտադրուած սխալներէն ետդարձի ու անոնց սրբագրումի ճամբուն վրայ բաւական ճամբայ կտրած ենք, Ժամանակ կոչուած բժիշկը ի վերջոյ պիտի դարմանէ մնացեալ հետքերն ալ։ Կը հաւատանք ու կը սպասենք։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱԼ
ՊԱՐՏԱԴԵՐԱԼ
ԱՆՈՒՂՂԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
Անկախութեան վերահաստատումէն ետք, արդարօրէն ստեղծուեցաւ հոգեվիճակ ու տրամաբանութիւն, որոնց խորագիրն էր՝ մերժում խորհրդային տարիներուն պարտադրուած սխալներուն, մերժում՝ օտարոտիին, մերժում բոլոր այն հարկադրանքներուն, որոնք հայը հեռու կը պահէին իր արմատներէն, ազգային արժէքներէն ու արժանիքներէն, մէկ խօսքով՝ բոլոր այն աւանդներէն, որոնք ազգայինը վեր կ՛առնէին ու, բնականաբար, հալածանքի թիրախ էին խորհրդային տարիներուն, ապազգայնացնողներու ազդեցութիւններուն ճամբով։ Եթէ յիշեալ արժէքներուն վերականգնումին մէջ կար դառն ու ատելի անցեալէն անջատուելու միտում, այս զարգացումը նաեւ կը բխէր սեփականի՛ն վերատիրանալու եւ զայն զարգացնելու կամքէն։
Մինչեւ հոս՝ շատ բարի։
Բնական այս զարգացումներուն դիմաց, սակայն, ու տարօրինակօրէն, մինչեւ օրս առկախ կը մնայ կալուած մը, ազգային նոյնքան ու աւելի կարեւոր արժէք մը, որ նիւթ է անտեղի բանավէճի ու անհասկնալի քաղաքականացումի։ Կրկնենք. մեր ակնարկութիւնը կը վերաբերի դասական ուղղագրութեան վերահաստատման հրամայականին, ինչպէս նաեւ յարակից «մանրուք»ի մը՝ մեր տառերու անուններուն վերականգնումին:
Ուղղագրութեան հարցը բաւական մելան հոսեցուցած է եւ, ինչպէս նշեցինք, անտեղի բանավէճի նիւթ դարձած է պետական ու ոչ-պետական այրերու միջեւ։ Չենք ուզեր երկարօրէն կանգ առնել ու մանրամասնօրէն ցուցակագրել այն տուեալները, որոնք խորքին մէջ վէճ չեն վերցներ, այլ կը հարկադրեն դասական ուղղագրութեան անյապաղ վերականգնումը. պարզապէս հոս նշենք, որ դասական ուղղագրութեան վերահաստատման որեւէ յաւելեալ ձգձգում, անոր շուրջ որեւէ խուսանաւում՝ պիտի նշանակեն աչք գոցել անխուսափելիին դիմաց։
Փաստօրէն, հայրենի ու սփիւռքեան բազմաթիւ մտաւորականներ, լեզուագէտներ ու բանիմաց մարդիկ, լեզուական հարցերու նուիրուած համագումարներու առիթով թէ ուսումնասիրական-գիտական հատորներու, յօդուածներու ճամբով, սպառիչ կերպով բացատրած ու պարզաբանած են, թէ ինչո՛ւ պէտք է վերականգնել դասական ուղղագրութիւնը (զոր կ՛անուանենք նաեւ, մեծագոյն հայուն անունով՝ Մեսրոպեան ուղղագրութիւն)։ Բացատրած են, թէ «նոր ուղղագրութիւն»ը խորհրդայիններուն ապազգայնացնող խաղերուն մաս կը կազմէր. լուսաբանած ու հիմնաւորած են հարցին գիտական-լեզուագիտական երեսները, գիտութեան ու դարաւոր ժառանգութեանց հաւատարմութեան պարագան. հաստատած ու վերահաստատած են, թէ նորը ուղղագրութիւն չէ, այլ սխալագրութիւն է, խեղագրութիւն, հայը արմատներէն «պաղեցնող» դաւ եւ այլն։ Անվիճելի կերպով լուսաբանուած է, թէ «նոր»ը դիւրացնող կամ բարեփոխող գործօն չէ, այլ լեզուն ու բառամթերքը աղքատացնող ու անհարկի շփոթ պատճառող գործիք։ Ընդգծուած է նաեւ այն պարագան, որ զայն ձեւաւորողները չեն ծածկած իրենց երկմտանքները. տակաւին, ապացուցուած է, որ անոնք աւելի իմաստուն ու գիտուն չէին, քան Մեսրոպ Մաշտոցը եւ յաջորդող դարերու լեզուագէտները, ներառեալ՝ Մխիթարեաններն ու մեր արդի լեզուն (արեւելահայ եւ արեւմտահայ ճիւղերով) բիւրեղացնողները։ Լոկ յիշեցումի կարգով մատնանշուած է նաեւ այն, որ սկզբնական շրջանին, փորձ կատարուած է հայութեան ներարկելու այն «տեսութիւնը», թէ յառաջդիմելու եւ արագ զարգանալու համար, աշխարհին հետ աւելի դիւրութեամբ հաղորդ դառնալու համար, պէտք է հրաժարիլ… սեփական տառերէն ու որդեգրել ռուսերէնին տառերը (արդեօք տասնեակ դարեր առաջ, նման հարկադրանքի՞ մը հետեւանք էր հայոց հին տառերուն կորուստը, որ օր մը դուռ բացաւ Մեսրոպեան տառերու հնարքին…)։
Անպաշտպանելի է նաեւ այն առարկութիւնը, թէ նորով լոյս տեսած է հսկայական գրականութիւն ու, հետեւաբար, կարելի չէ ետդարձի մասին մտածել (իսկ թէ ճիշդին ու գիտականորէն հիմնաւորուածին վերականգնումը ի՞նչ տրամաբանութեամբ կը համարուի ետդարձ, այդ ալ անբացատրելի ուրիշ կէտ է)։ Այս «հնարք»ին ալ անառարկելիօրէն պատասխանուած է, թէ անցեալ դարու 20ական տարիներուն (խորհրդայնացումին յաջորդած տարիներուն) որդեգրուած առաջին նորարարութիւնը, մօտաւորապէս քսանամեակի մը կիրարկումէ ետք, նոյնինքն անոր հեղինակներուն կողմէ գտնուած էր անտրամաբանական, ահաւոր կերպով թերի, ու հետեւաբար, անոր մէջ որոշ բարեփոխութիւններ յառաջ բերուած էին, քայլ առնուած էր տրամաբանականին ու գիտականօրէն ճշմարիտին ուղղութեամբ. այդ քայլերուն ատեն, ո՛չ ոք առարկած էր, թէ նախորդ տասնամեակներուն «արտադրուած» գիրքերը պատճառ են, որ կառչած մնայինք այլանդակին ու հակագիտականին։
Ի դէպ, կայ սերունդ մը, որ անհաղորդ է խեղագրութեան առաջին տասնամեակներու հրատարակութիւններուն։ Ճաշակ մը տալու համար, այս սիւնակներուն կը մէջբերենք երկու կարճ հատուածներ՝ 1934ին հրատարակուած այլապէս երախտաշատ աշխատանքի մը յառաջաբանէն. Շմաւոն քահանայի «Ազդարար»էն մինչեւ 1934 երկարող տարիներու հայ մամուլի ցուցակներու հատորէն քաղուած են այս պատառիկները. ընթերցողը պիտի նկատէ այն այլանդակութիւնը, որ կը տիրէր բառասկիզբի աւելորդ Յի-երուն ու Վեւ-երուն գործածութեամբ, նաեւ այն ծիծաղելի կացութիւնը, երբ Օ տառը կը հեռացուէր հայերէն բառերէն եւ օրացոյց բառը կը սկսէր… ուրիշ բան ցոյց տալու։ Այդ այլանդակութիւնը բարեփոխողները հարց չդրին, թէ յիշեալ տասնամեակներու հրատարակութիւնները պէտք է փճացուին. ժամանակը եւ նոր հրատարակութիւններու թափը եկաւ ինքնաբերաբար լուծելու չյարուցուած դժուարութիւնը։ Նոյնը պիտի պատահի վաղը, ճիշդ որոշումին կայացումէն քանի մը տարի ետք։
Այս բոլորով հանդերձ, սխալագրութեան կառչած մնալու տենդը գերի կը պահէ մեր ներկան ու ապագան կերտողները, ուղղագրութեան հարցը կը դառնայ քաղաքական մարզանքներու առարկայ, մինչդեռ անիկա ո՛չ մէկ կապ ունի քաղաքական հաշիւներու հետ։ Ընդհակառակն, զուտ գիտական-լեզուագիտական այս հարցը պէտք է զերբազատի քաղաքական ամէն տեսակի գունաւորումէ ու խուսանաւումէ։ Զրպարտութիւն ըրած չենք ըլլար, եթէ նշենք, որ Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն անմիջապէս ետք, այսինքն՝ մօտաւորապէս քսան տարի առաջ, եթէ մեր պետական աւագանին ու լեզուագէտ մտաւորականները առարկայական մօտեցումով ու դարաւոր գիտութեան օրէնքներուն հաւատարմութեամբ տուած ըլլային անխուսափելի որոշումը, այսօր այս հարցը իր լուծումը գտած պիտի ըլլար արդէն. փաստօրէն, երկու տասնամեակի ընթացքին, «հին» սերունդները ընտելացած պիտի ըլլային ուղիղին, իսկ նոր սերունդը ինքնաբերաբար հարց պիտի չունենար։ Ափսո՛ս, տարիներն ու տասնամեակները կը մսխուին անտեղի պատճառաբանութիւններով, «նոր»ին պաշտպանութեան զինուորագրեալները անկարող կը մնան գիտականօրէն հիմնաւորելու իրենց կեցուածքը (բացի մեր մատնանշած ոչ-գիտական բացատրութիւններէն ու կարմիրներուն թողած մերժելի «աւանդ»ներուն կառչածութենէն)։ Այլ խօսքով, արեւը կը ճառագայթէ այս հարցին անամպ երկնակամարին վրայ ու «նոր»ին պաշտպանութեան համար վերջին տերեւն անգամ չորցած է։
Ընդգծենք նաեւ հետեւեալը. մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ, պէտք է մեր մտածողութենէն վանենք այն ծիծաղելի տրամաբանութիւնը, թէ դասական ուղղագրութեան ու լեզուական որոշ ճշգրտութեանց վերահաստատումը՝ հայութեան հայրենի «կէս»ին կողմէ միւս «կէս»ին՝ Արտերկրի հայութեան, իմանալ՝ Արեւմտահայութեան կատարուելիք զիչում մը պիտի ըլլայ։ Ուղղագրութիւնը գիտութիւն է, լեզուաԳԻՏութեան մէկ ճիւղը. գիտական ճշմարտութիւնները սակարկութիւն չեն հանդուրժեր (եթէ ձեռքիդ մատիտը տասն անգամ ալ օդին մէջ ազատ թողուս, ձգողութեան օրէնքին ենթարկուելով՝ գետին կ՛իյնայ, մէկուն հաճելի թուելու կամ զիչում մը կատարելու համար օդին մէջ չի մնար…)։
ԱՅԲ-ԲԵՆ-ԳԻՄ,
ՈՉ՝ Ա-ԲԸ-ԳԸ
Ըսինք, թէ դասական ուղղագրութեան վերականգնումի հրամայականին կողքին, կայ «մանրուք» մը, որ առհասարակ վրիպած է ուղիղին ու ճշմարիտին հաւատարիմներուն մանրադիտակէն, հեռու ինկած է ճշմարտութեան լուսարձակներէն։
«Մանրուք»ը թէեւ կապ չունի ուղղագրութեան «թնճուկ»ին հետ, սակայն պէտք է նոյնքան ուշագրաւ ըլլար, համազօր հոգածութիւն պէտք է գտնէր (պէ՛տք է գտնէ) մեր լեզուական մշակոյթին ու ժառանգութեանց պահպանման նախանձախնդիրներուն կողմէ, սակայն պատահած է աղաղակող վրիպում մը:
Մեր այս երկրորդ ակնարկութիւնը կը վերաբերի հայկական Արբուբենի անդամներուն անուններուն։ Մեսրոպեան դարերէն սկսեալ, նաե՛ւ խորհրդային տարիներուն, մեր տառերու ամբողջական ցուցակը անփոփոխ պահած է իր անուանումը, զայն մինչեւ այսօր ալ կը կոչենք ԱՅԲՈՒԲԵՆ. պաշտօնական ու գիտական հրատարակութիւններու մէջ, համայնագիտարաններու մէջ ճշգրիտը կը պահպանուի, սակայն Հայաստանի մէջ, իբրեւ այլանդակ այլ «ժառանգութիւն» մը խորհրդային տարիներէն՝ անհատ գիրերը կորսնցուցած են իրենց անունները, չես գիտեր թէ ի՞նչ բան դիւրացնելու նպատակով:
Դարեր շարունակ, (խորհրդային տարիներուն, Արտերկրի գաղութներուն մէջ) մեր տառերը կը կոչուէին ու այսօ՛ր ալ կը կոչուին ԱՅԲ, ԲԵՆ, ԳԻՄ… ԺԷ, ԸԹ, Թօ… ԽԷ, ԾԱ, ԿԷՆ, մինչեւ ՔԷ եւ ՖԷ։ Հայաստանի մէջ, անոնք կը կոչուին Ա, ԲԸ, ԳԸ, ԴԸ, ԽԸ, ԾԸ, ՄԸ, ՆԸ… ՖԸ։ Սա լուսանցքի վրայ ինկած հարց է, սակայն նոյնքան կարեւոր, ինչպէս ազգային որեւէ ժառանգութեան պահպանումը։
Արձանագրենք, որ մանուկներու համար, իբրեւ դիւրացման միջոց, երբեմն օգտագործուած են «ձուկի ձը, օձաձեւ ձը», «հացի ցը» ու նմանօրինակ եզրեր, սակայն անոնք չեն նուիրագործուած ու ընդհանրացուած, չեն սողոսկած մանկապարտէզներու կամ նախակրթարանի սահմաններէն անդին։ Ձա-ն եւ Ցօ-ն իրենց անունները չեն կորսնցուցած այդ պատճառով։
Հարց տանք մենք մեզի. ինչո՞ւ յոյնը հաւատարիմ պիտի մնայ իր տառերուն դարաւոր անուանակոչումին ու իր այբուբենի անդամները պիտի կոչէ ԱԼՖԱ, ՊԵԹԱ, ԿԱՄԱ, ՏԵԼԹԱ, … ՕՄԵՂԱ. ֆրանսացին պիտի չմտածէ իր տառերը կոչել Ա, ՊԸ, ՍԸ, ԶԸ, այլ հաւատարիմ պիտի մնայ անոնց Ա, ՊԷ, ՍԷ ՏԷ… ԻԿՐԷԿ անուններուն. անգլիացին ու ամերիկացին զանոնք պիտի շարունակէ կոչել ԷՅ, ՊԻ, ՍԻ, ՏԻ, ու ՏԱՊԸԼԵՈՒ, ԷՔՍ, ՈՒԱՅ, ԶԷՏ (կամ Զի). արաբը իր մանուկին պիտի սորվեցնէ ԱԼԷՖ, Պէ, ԹԷ, ՃԻՄ… ՔԱՖ եւ այլն, իսկ մենք, Հայաստանի մէջ պիտի յամառինք կառչած մնալ խորհրդային տարիներէն ժառանգ թողուած այս այլանդակութեան։
Այս հարցերը աղերս ունին մեր ազգային մշակոյթին, մեր էութեա՛ն հետ։ Ասոնց մասին բանավէճ սարքելն իսկ անիմաստ է, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, արեւը ծածկող ամպերը փարատած են։ Ամպերու ներկայութեան ալ, արեւը արեւ ըլլալէ չէր դադրած, թէեւ հայրենի հայութեան ու գիտուններուն պարտադրուած էր յաւելեալ քող տարածել իրենց աչքերուն առջեւ։
ՃԻՇԴԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ
ԱՐԴԱՐԱՑՈՒՄ ՉԻ ՊԱՀԱՆæԵՐ
Եզրակացնելու համար, կատարենք քանի մը նշում եւ ընդգծում։
Ճիշդ քայլ առնելու, ճշմարիտին ի նպաստ քուէարկելու որոշումը արդարացումի պէտք չունին. մարդիկ սխալ քայլ մը «կլլեցնելու» համար է որ կը դիմեն զուր արդարացումի-ինքնարդարացումի։
Ուրեմն, կը մնայ, որ հեղինակաւոր կողմ մը «կոտոշներէն բռնէ ցուլը» եւ ճշմարտութեան դրօշը պարզելով՝ գործնական քայլ առնէ եւ առաջնորդէ ուղիղ բաները վերականգնելու արշաւը, շարժումը։
Դաշնակցական մամուլը Հայաստանի մէջ այս ուղղութեամբ գործնական քայլեր առած է վերանկախացումէն ասդին, յանձն առած է ռահվիրայի առաքելութիւն եւ նպաստած՝ ենթահողի պատրաստութեան։ Կը կարծենք, որ Գրողներու միութիւնը, իր «Գրական թերթ»ով եւ զուգահեռ հրատարակութիւններով, կարողականութիւնն ու հեղինակութիւնը ունի արագացնելու եւ տարածելու այս շարժումը (արդէն նախաքայլեր առնուած են յաջողութեամբ)։ Կաճառներուն կը մնայ ձեռքերն ու միտքերը միացնել ու զանոնք ծառայեցնել վերականգնումին։
Պէտք կա՞յ ըսելու, թէ այսօրուան սերունդները երախտապարտ են ու պիտի շնորհապարտ մնան Եռագոյնն ու Քայլերգը վերականգնողներուն. անխառն հպարտութեամբ կ՛երգեն քայլերգը, բարձր կը բռնեն մեր ազգային դրօշը։ Ուղղագրութեան ու տառերուն անուններուն վերահաստատումը աւելի եւս պիտի ամրագրէ մեր ազգային հպարտանքը։ Այս իրագործումին համար, համագումար-գիտաժողով գումարելը, օգտակարութեան երեսին կողքին, իրողապէս ժամանակի մսխում է, ժամանակի կորուստ, որովհետեւ խորքին մէջ, ժամանակը պէտք է յատկացնել աւելի՛ լուրջ մարտահրաւէրներու, գլխաւորաբար՝ մայրենիին անեղծ պահպանման, զարգացման ու մաքրազտման հրամայականներուն։