ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Հայ քրիստոնեայ երիտասարդաց առաքելութիւն դէպի Հայաստան» (CYMA) ծրագիրը Հայաստան կատարած իր ուխտագնացութիւններով օգտակար կը հանդիսանայ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման:
Շաբաթ, Յունիս 19ի առաւօտեան, առաջնորդարանին մէջ երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեան հանդիպում ունեցաւ այս ծրագիրին միջոցաւ Հայաստան մեկնող երիտասարդներուն հետ, մանրամասն ուղղութիւններ տուաւ անոնց, ներկայացուց այցելութեան ընդհանուր ժամանակացոյցը եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն:
Երիտասարդները դէպի Հայաստան ճամբայ պիտի ելլեն Յունիս 30ին, եւ Լոս Անճելըս պիտի վերադառնան Յուլիս 31ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.