Հայաստան եւ Ղարաբաղ պատերազմական մշտական վիճակի մէջ են: Հայկական հանրապետութեանց ղեկավարները իրենց իւրաքանչիւր քայլին, իրենց իւրաքանչիւր կեցուածքին մէջ չեն կրնար հաշուի չառնել այս իրողութիւնը:
Եթէ ճիշդ ըլլար մեր այս նշումը, ապա անցեալ Հինգշաբթի, հազիւ քանի մը օր ետք Ղարաբաղի սահմանին վրայ տեղի ունեցած ծանր միջադէպէն, Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ չէր քննարկուեր ու չէր քուէարկուեր լեզուի մասին օրէնքի փոփոխութեան հարցը, որ պարզապէս վիրաւորանք մըն է՝ ուղղուած մայրենիին, եւ իբրեւ այդպիսին, հարուած մը՝ ազգային մտածողութեան:
Գարեգին Նժդեհի գաղափարներով առաջնորդուելու յաւակնութիւնը ունեցող Հայաստանի Ազգային ժողովի տիրապետող ուժը՝ Հանրապետական կուսակցութիւնը, պէտք է անդրադառնար, որ այս օրերուն, պարզապէս վնասակար է հայ ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղելը, յատկապէս՝ ապազգայնական օրակարգով, ինչպիսին է լեզուի մասին օրէնքի փոփոխութեան հարցը:
Այս օրերուն եւ ընդհանրապէս, Հայաստանի իշխանութիւնը պէտք է շարժի միայն ու միայն հայկական բանակի թիկունքը հզօրացնելու տրամաբանութեամբ: Այդ տրամաբանութիւնը, եթէ կիրարկուի, ապա կրնայ համասպեղանի դառնալ մեր երկիրը, հայրենիքը տագնապեցնող բոլոր հարցերուն ու խնդիրներուն:
Այդ տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները յարգեն իրենց քաղաքացիները, յարգեն անոնց իրաւունքները, արդար հասարակարգ ստեղծելու լուրջ ճիգեր թափեն, ծառայեն իրենց ժողովուրդին, որուն զաւակներուն ուսին բեռցուած է հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան սրբազան գործը:
Այդ տրամաբանութիւնը կը պահանջէ, որ իշխանութիւնները համոզեն իրենց քաղաքացիները այն բանին, թէ իրենք միշտ կ՛առաջնորդուին ազգային նպատակներ պաշտպանելու սկզբունքներով, այլ ոչ թէ զանոնք ամէն վայրկեան վաճառքի հանելու պատեհապաշտութեամբ:
Ազգային հարցերու վերաբերեալ մակերեսային, նոյնիսկ՝ հակառակ կեցուածք որդեգրող իշխանաւորները պէտք է անդրադառնան, որ նիւթական եւ մարդկային ուժի բազմապատիկ անգամ աւելի հնարաւորութիւն ունեցող թշնամիին դէմ արդիւնաւէտ պատնէշներ կանգնեցնելու, պահպանելու ու ամրացնելու համար, միայն խոր հայրենասիրութեամբ տոգորուած երիտասարդութիւն պէտք է ունենալ: Երիտասարդութեան մէջ հայրենասիրութիւնը խորացնելու համար, համապատասխան պետական կրթական ու մշակութային ծրագիրներ պէտք է մշակել եւ զանոնք հրամցնել ամէնէն ազդեցիկ ձեւով:
Շատ բան կը պահանջուի պատերազմի մէջ գտնուող պետութեան մը ղեկավարութենէն:
Դժբախտաբար, այսօր Հայաստան կը ղեկավարուի խաւի մը կողմէ, որ միայն սեղանի շուրջ հայրենասիրական կենացներով կը բաւարարուի, իսկ իր գործով, կենցաղով ու վարքագիծով կը քանդէ հայրենասիրութեան հիմքերը:
Մայրենի լեզուին հանդէպ յանցաւոր անտարբերութիւնը ա՛յդ վարքագիծին մէկ ախտանիշն է միայն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Հավաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը՝ չի կրնար միջամտել Արձախին (Ղարաբաղի) դեմ սանձազերծուած Ազըպեյճանի նոր հարձակումի մը, որովհետեւ, Ղարաբաղը անկախ ո՛ջ ճանճցուած երկիր մը ըլլալով՝ այդպիսի համացայնութիւն մը գոյութիւն չունի։ Յետեւաբար հստակ պարտաւորութիւններու բացակայութիւնը Ռուսաստանին արիթ պիտի ընծայէ միջամտել «Արձախի Գոյամարտին» ինքզինք պարտադրելով որպէս խաղաղապահ ուժեր՝ Ազըրպեյճանի ու Արձախի «ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԻ» մը միջեւ։
Անշուշտ, թշնամին չի կարծուիր որ հարձակի եթէ վստահ չըլլայ թէ այդ «Նոր սահմանը»՝ ներկայ Արձախի սահմանեն նահանջուած մասն է։ Ուրեմն, Ռուսիան իր հաշիւներով Ազըրպեյճանին այդ «կանաչ լոյսը» արդեն տուած ըլլայ. որովհետեւ Յունիսի 18-ի Ազըրպեյճանի սադրանքնեձրուն դեմ Ռուսիոյ նախագահը ծանրօրեն չիդատապարտեց ազըրպեյճանը։ Հակարակ անոր Ազըրպեյճանի նախագահ Ալեյեւը անպատուէց Ռուսիոյ նախագահը ու տրուած խոստումները Սան-Բետերսպուրկի ժողովին մէջ՝ իր հաջորդ օրուայ վարմունքով։
Չեմ ակնկալեր Ռուսիոյ քաղաքական կամ ռազմական օգնութիւն՝ այլ կը յուսամ Հայաստանի պատերազմական պատասխանատուները միամիտ ջըլլան Նախագահ Սարգիսեանին ու իր Արտաքին գործոց նախարարին նման.
Այս ուրուագիծը կը նմանի Իսրայէլի 1973ի «Իօմ քիփուռ»ի օրուան Եգիպտոսի անակնկալ հարձակումին, որուն հետեւանքով Իսրայէլ նահանջեց Սուէզի ջրանձքը լքելով։ Իսկ վրաստանի յանկարծակի հարձակումը Ապխազիոյ և Հարաւային Օսեթիոյ վրայ Վ. Փութինը երկաթէ փռունձքով պատժէց Վրաստանը…։