ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի յայտարարած է, թէ Հիլըրի Քլինթըն այս շաբաթ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Հարաւային Կովկասի երկիրներ պիտի այցելէ։ Ան յայտնած է, որ վեցօրեայ շրջապտոյտին ծիրին մէջ, Քլինթըն պիտի այցելէ Լեհաստան, Ուքրանիա, Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան։
Ձայնասփիւռի կայանը զրուցած է ամերիկացի շարք մը պաշտօնեաներու հետ, որոնք մէկ կողմէ կարծիք յայտնած են, թէ պէտք չէ Քլինթընի շրջապտոյտէն դիւանագիտական կարեւոր յառաջխաղացք ակնկալել, իսկ միւս կողմէ՝ ընդգծած են, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին նպատակներէն է՝ լուծում գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեղմացնել 2008ի ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմին պատճառով Մոսկուայի եւ Թիֆլիսի յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող լարուածութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի, իր կարգին, վերահաստատած է ամերիկացի պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները։
Ըստ անոր, Քլինթըն Երեւանէն եւ Պաքուէն պիտի պահանջէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց ապահովել։ Բացի ատկէ, Քրաուլի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը Երեւան այցելութեան ընթացքին պիտի փորձէ նոր ազդակ հաղորդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի շրջագայութիւնը պիտի սկսի 1 Յուլիսին, Ուքրանիայէն։ Ապա Քլինթըն պիտի այցելէ Լեհաստան, որմէ ետք ալ՝ Հարաւային Կովկաս։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.