Բ. ՄԱՍ
1.- ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ
Օգոստոս 1990ին, առաջին անգամ ըլլալով, ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը շինարարական կամաւորներու խումբ մը ղրկեց Հայաստան: 25 երիտասարդներ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն եւ Հարաւային Ամերիկայէն, գացին Հայաստան եւ մէկ ամիս մնացին Ախուրեանի շրջան՝ շինարարական զանազան գործերու մասնակցելով:
2.- ՁՄԵՌՆԱՅԻՆ ՓՐԿԱՐԱՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջանները եւ Գանատա միասնաբար, 1993ին, 124 հակ (container) ապրանք հաւաքեցին եւ ղրկեցին Հայաստան: Կեդր. վարչութիւնը այս ձեռնարկի համադրումէն եւ գործադրումէն բացի, օժանդակեց նաեւ վառելանիւթի եւ փոխադրական միջոցներու ապահովման գործին:
3.- ԱՄԱՆՈՐԻ ՆՈՒԷՐ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ
Կեդր. վարչութեան եւ իր շրջաններուն միացեալ ճիգերով, 1993ի Դեկտեմբերին, 45,000 հայ զինուորներ Ամանորի ծրարներ ստացան՝ միաժամանակ ՀՕՄի անունն ու գործունէութիւնը ճանչցնելով Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն:
4.- ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
1994ին, Հայաստանի հանրապետութեան վարժարաններու »Տարուան Ուսուցիչը« մրցոյթին, ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը 39 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու նիւթական պարգեւներ տրամադրեց: 1995ին եւ 1996ին, Կեդր. վարչութիւնը դարձեալ այս նպատակին համար գումարներ յատկացուց: 21 Մայիս 1997ին, Երեւանի Երգի պետական թատերասրահին մէջ, ՀՕՄը դարձեալ Հայաստանի 55 ուսուցիչներ պարգեւատրեց »Լաւագոյն Ուսուցիչը« մրցանակով: Այս մրցանակները հիմնուած էին Հայաստանի կրթական նախարարութեան չափանիշներուն վրայ:
5.- ԱՐՄԻՆԷ ԺՈՀԱՆՆԷՍԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ
ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը եւրոպահայ լուսանկարչուհի Արմինէ Ժոհաննէսէն խնդրեց, որ ՀՕՄի հայաստանեան ծրագիրներու գործադրման աշխատանքները նկարահանէ: Այս խնդրանքը արդիւնաւորուեցաւ եւ որակաւոր ցուցահանդէսի մը մակարդակով լուսանկարներ պատրաստուեցան: Լուսանկարներուն առաջին ցուցադրութիւնը մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ Մարտ 2, 1995ին, ՀՕՄի Ուաշինկթընի գրասենեակի բացման առիթով:
6.- ՀՕՄԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՏԵՍԱԵՐԻԶԻ ԾՐԱԳԻՐ
Կեդր. վարչութիւնը բեմադրիչ Նիկոլ Պէզճեանի յանձնեց ՀՕՄի յատուկ տեսաերիզի պատրաստութիւնը: Այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուեցաւ եւ »Կապոյտ Սիրտ« անունով լոյս տեսաւ 1997ի ձմրան:
7.- ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ՝ ՇՈՒՇԻԻ ՄԷæ
1994ի Օգոստոսին, Սրբոց Ղազանչելոց եկեղեցւոյ մէջ, Կեդր. վարչութիւնը կազմակերպեց 37 անհատներու (մանուկ եւ չափահաս) մկրտութիւնը, կնքահայրութեամբ՝ Շուշիի գումարտակի ազատամարտիկներուն, եւ կնքամայրութեամբ՝ ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհիին:
ՀՕՄ-Ի 85ԱՄԵԱԿ՝ 1995
ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը յառաջացուց 85ամեակի յանձնախումբ մը, որուն մշակած ծրագիրներով եւ տուած ուղղութիւններով տեղի ունեցան 85ամեակին նուիրուած բոլոր հանդիսութիւնները:
ՀՕՄի 85ամեակի անդրանիկ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 4 Մարտ 1995ին, Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի »Օմնի Շորըմ« պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ Կեդր. վարչութեան միաւորներու ներկայացուցիչներուն եւ հայ ու օտար պաշտօնական անձնաւորութիւններու: Նոյն հանդիսութեան կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի կոնդակը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պիլ Քլինթընի շնորհաւորական նամակը:
Ապրիլ 30էն Մայիս 8, 1995ին, ՀՕՄի 85ամեակին առիթով, Կեդր. վարչութեան եւ Սուրիոյ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն դէպի Տէր Զօր, որուն մասնակցեցան բազմահարիւր ՀՕՄուհիներ, աշխարհի զանազան կողմերէն: Այս առթիւ Տէր Զօրի Նահատակաց եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը ՀՕՄի 85ամեակին, իսկ թանգարանին մէջ բացումը Եղեռնի 80ամեակը յաւերժացնող հայ մարտիրոս մայրերու նուիրուած մեծադիր որմնաքանդակին:
ՀՕՄ-Ի ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐ
1994ի ամրան, ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան նախաձեռնութեամբ, 100է աւելի պատանիներ, որոնցմէ 27ը Սփիւռքէն եւ մնացեալը՝ ազատամարտիկներու զաւակներ, միասնաբար անմոռանալի ամիս մը անցուցին Բիւրականի մէջ: Կեդր. վարչութիւնը »Լինսի« հիմնարկի 50,000 տոլար նուիրատուութիւնը յատկացուց այս նպատակին:
Տեղական աննպաստ պայմաններու բերումով, 1995ի ամրան այս ծրագիրը չգործադրուեցաւ, սակայն շուտով՝ 1997ին, միեւնոյն վայրին մէջ պիտի կրկնուի անոր գործադրութիւնը:
ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐ
1990-2000, ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը, բացի իր մնայուն յատկացումներէն, ըրաւ հետեւեալ յատկացումները եւս.
1.- ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐ
Ուրուկուէյի »Վռամեան« կեդրոնի, Քորտոպայի »Անդրանիկ« կեդրոնին, Ֆերֆիլտի Հայ կեդրոնին՝ Աւստրալիա, »Ս. Քաթրինզ« ակումբին՝ Գանատա, »Զաւարեան« կեդրոնին՝ Աթէնք, Ֆլորիտայի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի ակումբներուն (ԱՄՆ), Լաւալի եւ Համիլթընի Հայ կեդրոններուն՝ Գանատա:
2.- ԿՐԹԱԿԱՆ
ՀՕՄի Սիտնիի մանկամսուրին՝ Աւստրալիա, »Սուրէն Խանամիրեան« վարժարանին՝ Լիբանան, »Խրիմեան« վարժարանին՝ Հարաւային Ամերիկա, Հայագիտական դասընթացքին՝ Հարաւային Ամերիկա, »Համազգային«ի Ճեմարանին՝ Մարսէյ, Փլովիտիւի դպրոցի ինքնաշարժին՝ Պուլկարիա, Համակարգիչներու ծրագիրին՝ Մոնթրէալ եւ Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարաններուն, »Դանիէլ Վարուժան« վարժարանին՝ Շիքակօ եւ »Համազգային«ի »Արշակ եւ Գալստըն« համալիրին՝ Աւստրալիա:
3.- ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ
Հայկական հարցերու հաստատութեան Ցեղասպանութեան հատորին, »Համազգային«ի Կեդր. վարչութեան »Նարեկ« անգլերէն հատորին, »Հայրենիք« թերթին (ԱՄՆ), »Երեւան« թերթին՝ Պուլկարիա, »Armenian Review«՝ Արա Սարաֆեանի գիրքի հրատարակութեան, Հայկական հարցերու հաստատութեան՝ Գերմանիա, եւ այլ անհատ հեղինակներու եւ արուեստագէտներու:
4.- ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ
»Հայաստան« ճամբարի (Պոսթըն) նորոգութեան, »Նիկոլ Աղբալեան« Ուսանողական միութեան, ՀԵԴ Եռա-շրջանային սեմինարներուն, ՀՕՄի միջ-շրջանային պատանիներու փոխանակման եւ Բիւրականի ճամբարին, Խալթիքիթի ճամբարին՝ Յունաստան:
5.- ՄԱՄՈՒԼ ԵՒ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
»Ասպարէզ« օրաթերթին՝ Քալիֆորնիա, »Առագաստ« շաբաթաթերթին՝ Հայաստան, »Մայրաքաղաք« հեռատեսիլին՝ Հայաստան, »Ռատիօ Այբ«ին՝ Փարիզ, »Կոմիտաս« ռատիօժամին՝ Ուրուկուէյ, »Հորիզոն« շաբաթաթերթին՝ Գանատա, »Ռատիօ Արմէնի«ին՝ Լիոն, »Հորիզոն« հեռատեսիլին՝ Քալիֆորնիա, »Կամք« օրաթերթին՝ Ֆրանսա, »Հայոց Աշխարհ« օրաթերթին՝ Հայաստան, »Հայրենիք« հաստատութեան՝ իր 100ամեակին առիթով (Պոսթըն) եւ »Հայդուկ«ին:
6.- ՇՐæԱՆՆԵՐ
Գանատայի Շրջանային կազմակերպութեան, ֆրանսահայ »Կապոյտ Խա«չի գրասենեակին, ՀՕԽին՝ Հայաստան, ԼՕԽին՝ Լիբանան, Հարաւային Ամերիկայի սեմինարին՝ Նէլլա Պուլղուրճեան, Հայ օգնութեան միութեան՝ Պուլկարիա, Սթոքհոլմ եւ Մոսկուա:
7.- ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐ (»ԵՐԵՄԵԱՆ« ԵՒ ԱՅԼ ԿՏԱԿՆԵՐ)
Հոկտեմբեր 1989էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1995, վեց տարիներու ընթացքին ՀՕՄի Կեդր. վարչութիւնը իրեն դիմող համալսարանական ուսանողներուն 250,800 տոլարի կրթաթոշակ տրամադրած է:
8.- ԱՆՄԻæԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի, Պուլկարիոյ, Գիւմրիի հիւանդանոցին, Շուշիի վաշտին՝ դեղորայք, Արցախի օգնութեան միութեան, æաւախքի տնտեսական բարելաւման, ՀՅԴ արխիւներուն, եւ այլն: