ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թուրքիա ապրող հայերուն վիճակուած է հոգեբանական ծանր վայրկեաններ ապրիլ գրեթէ ամէն օր:
Հարցը անշուշտ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման գծով թրքական պետական քաղաքականութիւնը չէ, թէեւ ինքնին միայն այս խնդիրը բաւարար է ճզմելու իր նախնիներու յիշատակը յարգելու տարրական, մարդկային իրաւունքէն զրկուած ոեւէ մարդու հոգին:
Հարցը պետական խտրական քաղաքականութիւնն է, որ հակառակ եւրոպական արժէքներ դաւանելու եւ հակառակ ժողովրդավարութեան սկզբունքները կիրառելու յայտարարութեանց, կը մնայ թրքական իշխանութեանց վարքագիծը՝ հանդէպ իրենց ոչ-թուրք քաղաքացիներուն:
Այս վարքագիծի նորագոյն դրսեւորումն է՝ միջամտութիւնը Թուրքիոյ հայ համայնքի ներքին գործերուն՝ Պատրիարքական ընտրութեանց:
Ինչպէս երէկ «Ասպարէզ» տեղեկագրած էր, Թուրքիոյ կառավարութիւնը մերժած էր արտօնութիւն տալ, որ համայնքը նոր պատրիարք մը ընտրէ, փոխարէնը՝ յանձնարարած էր, որ պատրիարքի փոխանորդ մը ընտրուի ոչ թէ համայնքին կողմէ, այլ՝ միայն Կրօնական ժողովին:
Երէկ, Կրօնական ժողովը արդէն իսկ նիստ մը գումարած էր՝ ընտրելու համար պատրիարքի փոխանորդը: Ի բացակայութիւն թեկնածուներու, ընտրութիւնը արդէն իսկ կանխորոշուած է, եւ Արամ արք. Աթէշեան պիտի դառնայ պատրիարքարանի ընդհանուր պատասխանատուն:
Յատկանշականը, սակայն, Չորեքշաբթի օր, պատրիարքարանին մէջ գումարուած ժողովին ընթացքին համայնքի կարգ մը անդամներուն ցուցաբերած քաղաքացիական արի կեցուածքն է, որ կը մերժէր պետութեան անտրամաբանական կարգադրութիւնը եւ կը պահանջէր ընդդիմանալ ու պայքարիլ, զայն փոխելու նպատակով: Սոյն ժողովին մասնակցած են համայնքի կարեւորագոյն հաստատութեանց ղեկավարները, Կրօնական ժողովի անդամները եւ մամուլը:
Հպատակի ստրկական մտայնութիւնը թօթափելու քաղաքացիական կեցուածքն է, որ ողջունելի է. կեցուածք, որ գիտակից է իր իրաւունքներուն եւ արժանապատուօրէն կ՛ուզէ տէր կանգնիլ անոնց՝ ծառանալով քմայքոտ ու կամայական իշխանական միջամտութիւններուն ու կարգադրութիւններուն դէմ:
Անհատներէ անդին, սակայն, ժամանակն է, որ հայ համայնքն ալ հաւաքականօրէն ուղղէ իր մէջքը եւ տէր կանգնի իր իրաւունքներուն: