ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող բնօրինակ լուսանկարներու հաւաքածուն հարստացաւ նոր յայտնաբերուած օրինակներով:

Նոր լուսանկարները կ՛արտացոլացնեն Վանի, Երզնկայի եւ Խնուսի շրջաններուն մէջ իրականացուած սարսափելի ջարդերու տեսարաններն ու հետքերը: Այս լուսանկարները զետեղուած եղած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածի ձեռագիր յուշագրութեան մէջ: Լուսանկարներու հակառակ կողմի վրայ գրուած են ականատեսի վկայութեամբ կատարուած բացատրութիւններ: Լուսանկարներուն մէջ պատկերուած զոհերու մարմիններու դիրքը եւ ձիւնը ցոյց կու տան, որ լուսանկարներ առնուած են 1915-1916 թուականներուն ռուսական զօրքերու յառաջխաղացքի ընթացքին՝ 1915ին, երբ որոշ ռուս ռազմական լուսանկարիչներ եւ հայ թղթակիցներ լուսանկարեցին այդ տեսարանները: