ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անցեալ Երեքշաբթի, յայտարարեց, թէ Մատրիտեան սկզբունքներու հիման վրայ այժմ առաջարկուող նորացուած սկզբունքները, պայմաններ կը ստեղծեն Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման համար, եւ ճիշդ այդ պատճառով, Ատրպէյճան կը մասնակցի բանակցութիւններուն ու կառուցողական կեցուածք կը ցուցաբերէ։
«Այսօր համանախագահող երկիրները թերեւս աւելի բաց կ՛արտայայտեն իրենց կարծիքները։ Կ՛ընդգծուի հետեւեալ կարեւոր պահը. հարցը պէտք է լուծուի Հելսինքեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Ի՞նչ կը պարունակեն Հելսինքեան սկզբունքները։ Այստեղ կարեւոր սկզբունք է տարածքային ամբողջականութիւնը։ Կայ նաեւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքը։ Սակայն այդ սկզբունքը պէտք չէ վնասէ երկրի տարածքային ամբողջականութեան՝ հակասութեան մէջ մտնելով անոր հետ։
«Ժողովուրդներու ինքնակառավարման եւ ինքնորոշման կարելիութիւնները պէտք չէ խախտեն երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Այսպիսին են Հելսինքեան սկզբունքներու էութիւնն ու իմաստը», ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Ըստ անոր, համանախագահող երկիրները յառաջ քաշած են այդ հիմքով մշակուած առաջարկներ, եւ Ատրպէյճանը որոշ բացառութիւններով կ՛ընդունի զանոնք:
«Անոնք ի՞նչ կը ներկայացնեն։ Առաջին հերթին, բռնագրաւող ուժերը դուրս կը բերուին Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ գտնուող բոլոր զբաղեցուած տարածքներէն։ Հինգ շրջաններ կ՛ազատուին անմիջապէս, իսկ երկուքը՝ Քելբաջարն ու Լաչինը, որոշ ժամանակ ետք։ Առաջարկները կը նախատեսեն հինգամեայ ժամանակաշրջան մը։ Ատոր պատճառն այն է, որ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները տեղակայուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ, եւ որոշ իմաստով, այդ շրջանները ատրպէյճանցի բնակչութեան վերադարձնելու համար, անվտանգութեան աւելի զանգուածային միջոցներու պէտք է ձեռնարկել։ Սակայն բոլոր շրջանները պիտի վերադառնան Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ պիտի գործէ ճանապարհ, այսինքն՝ միջանցք, եւ Ատրպէյճանը համաձայնած է այս առաջարկներուն», ըսած է Ալիեւ։
Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի վարչական սահմանին պէտք է տեղակայուին խաղաղարար ուժեր, որոնք պէտք է ներկայ գտնուին այնքան ժամանակ, մինչեւ բոլոր կողմերը ստանձնեն անվտանգութեան միջոցներու ապահովումը։
Ալիեւ նաեւ խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակ տրամադրելու մասին: Ըստ նախագահին, անիկա պիտի չխախտէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ «Բռնագրաւումէն տուժած բոլոր մարդիկ պէտք է վերադառնան հարազատ վայրեր։ Ասիկա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի քաղաքացիները պէտք է վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղ, Շուշի, ինչի մասին բաց կ՛ըսուի համանախագահող երեք երկիրներու վերջերս կատարած յայտարարութեան մէջ», յայտնած է ան։
Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներու հետ հանդիպման մը ժամանակ ըսած է, որ եթէ Ատրպէյճան տեսնէ, թէ խաղաղ կարգաւորումը ինքզինք սպառած է, այլեւս ոչ մէկ յոյս կայ, ապա կը դիմէ խնդիրի լուծման ռազմական տարբերակին։ «Այդ պարագային եւս միջազգային իրաւունքը մեր տեսակէտը պիտի պաշտպանէ, որովհետեւ ՄԱԿի կանոնադրութեամ, 51րդ յօդուածը յստակ կը նշէ, թէ իւրաքանչիւր երկիր ունի ինքնապաշտպանութեան բոլոր իրաւունքները։ Մենք կ՛ուզենք խնդիրը լուծել խաղաղ ճանապարհով. մենք կ՛ուզենք, որ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնուի խաղաղ ճանապարհով, բանակցութիւններու միջոցով։ Սակայն ատիկա առայժմ կարելի չէ», յայտարարած է Ալիեւ։
Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ աւելցուցած է. «Հայաստանի մէջ կը կարծեն, թէ ժամանակի ընթացքին իրենց բանակցային դիրքերը կամրապնդուին։ Ատիկա սխալ մօտեցում է։ Անոնց դիրքերը բոլոր ոլորտներուն մէջ կը թուլանան։ Ուղղակի աշխարհասփիւռ հայութեան ամուր դիրքերը կը նպաստեն ներկայ «սթաթիւս քօ»ի պահպանման։ Սակայն «սթաթիւս քօ»ն չի կրնար յաւերժ, երկարաժամկէտ ըլլալ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.