
«Մեսրոպեան» ազգ. վարժարանը իր 45րդ տարեդարձին՝ 2010ի տարեվերջին, Յունիս 19ին, իր 36րդ հունձքը արժանավայել ձեւով յանձնեց Սփիւռքի հայ գաղութին, որուն հայրենասիրութիւնը կ՛արժեւորուի աւելիով, ցեղասպանութենէ վերապրած շառաւիղներու իբրեւ ժառանգորդներ, սերունդ մը, սերունդներ՝ որոնք պարտադրուած են հայրենի հողէն հեռու մնալ, եւ արեւմտահայերէնը դարձուցած են հայրենի հող՝ իրենց ապրած Սփիւռքին մէջ։ Այդ ժառանգորդներու արդիւնք էր նաե՛ւ 8րդ կարգի աւարտականներուն հունձքը։
Տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպայի դիպուկ խօսքը՝ ուղղուած շրջանաւարտներուն, (տնօրէնուհիի խօսքին կարեւոր մասը կը ներկայացնենք այս թղթակցութեան աւարտին) կը վկայէ, որ Սփիւռքը կ՛ապրի ու պիտի գոյատեւէ այնքա՛ն ատեն, որ հայ դպրոցը գոյութիւն ունի։
Աւարտական կարգի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը բեմ բարձրացաւ «Մեսրոպեան»ի նախկին շրջանաւարտներէն մէկուն ուղեկցութեամբ. անցեալի շրջանաւարտներ, որոնք աւարտած են իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը եւ նուաճած պատուաբեր դիրքեր, զանազան բնագաւառներէ ներս։ Օրուան պատգամախօսն էր, դարձեալ «Մեսրոպեան» ազգ. վարժարանի 1998ի շրջանաւարտներէն տոքթ. Սիմոն Կապրիէլը, որուն ներկայութիւնն ու խօսքը հպարտութեամբ եւ յուզումով ողողեց Սիմոնի նախկին ուսուցիչներուն ու զինք ճանչցող բոլոր ներկաներուն սիրտերը։
Հանդիսավար եւ աւարտական դասարանի դաստիարակ Ռոզա Մատոյեան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ կոչ ըրաւ աշակերտներուն, որ ուսանելի դասեր եւ օրինակներ քաղեն զիրենք ուղեկցող շրջանաւարտներէն, եւ օր մըն ալ իրենք դառնան աւելի կրտսերներուն նոյն բեմը առաջնորդող փայլուն վկայեալները։
Խնամակալ մարմինին խօսքը փոխանցեց մարմնի ատենապետ Մարք Կետիկեանը, որ բարի երթ եւ յաջողութիւն մաղթեց տնօրէնութեան պաշտօնէն հրաժարող տիկին Սալիպային։ Ապա Ռ. Մատոյեան ուսուցչական կազմին կողմէ յիշատակի նուէր մը յանձնեց տնօրէնուհիին:
Շրջանաւարտից հանդէսը վերջ գտաւ հայր Պարթեւ վրդ. Կիւլիմեանի սրտի խօսքով եւ «Պահպանի»չով։
Ստորեւ՝ տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպայի խօսքին հիմնական մասը.
«Տարեվերջի աւարտական այս հանդիսութիւնը, բոլորիս համար, մանաւանդ ձեզի՛ համար, շրջանաւարտնե՛ր, եւ ինծի՝ իբրեւ տնօրէն, մեր կեանքի գիրքերուն մէջ համար մը փակելու եւ նոր էջ մը բանալու, տխուր եւ ուրախ միախառնուած զգացումներու օրն է։

«Սիրելի շրջանաւարտներ, մինչ ձեր կեանքին այս մասնայատուկ շրջանը կ՛աւարտի, հետաքրքրական նոր մը պիտի սկսի, երբ հրաժեշտ տալով ձեր սիրելի «Մեսրոպեան»ին՝ մուտք գործէք ապագայի ձեր յաջորդ հանգրուանէն ներս։
Յետադարձ ակնարկով մը պիտի վերյիշէք անցեալի ձեր քաղցր յիշատակները եւ անշուշտ, ուրիշ դէպքեր, զորս պիտի փորձէք մոռացութեան ենթարկել։ Այս յիշատակները, ուրախ, տխուր, հաճելի, խանդավառ, իմաստալից, դառն, զօրաւոր, խորհրդաւոր եւ սիրտ ջերմացնող փորձառութիւններու ամբողջութիւն մըն են, որոնցմով կերտուեցաւ ձեր նկարագիրը։
«Մեսրոպեան»ի յարկին տակ, ձեր ստացած գիտութիւնը եւ կրթութիւնը, պիտի օգնեն ձեզի դիմագրաւելու կեանքի խոչընդոտները, եւ պիտի օժանդակեն ապագայի ձեր ծրագիրներու յաջողութեանց։
«Վստահ եմ, որ «Մեսրոպեան»ը միշտ վառ պիտի մնայ ձեր սրտերուն մէջ։ Կը հաւատամ նաեւ, թէ ինչ որ ստացաք «Մեսրոպեան»ի կրթական եւ հայեցի դաստիարակութենէն, աւելիով պիտի վերադարձնէք մարդկութեան ու հայ ազգին։ Բարձր գնահատեցէ՛ք Ազգային վարժարանէ մը վկայական ստանալու ձեր առաւելութիւնը, ինչպէս նաեւ միշտ գնահատեցէք ձեր ծնողքին տածած զոհողութիւնները՝ ձեզ «Մեսրոպեան» ազգ. վարժարան ուղարկելուն։
«Սիրելիներ,
Մարդ անհատի անկեղծ գնահատականը, կրնայ տալ միայն ինքը՝ մարդ անհատը, երբ հաշուի նստի իր արժէքային համակարգին հետ։ Բնականաբար, այն բոլոր մարդիկը, որոնք չունին արժէքային համակարգ մը, որուն հանդէպ հաշուետու նկատեն իրենք զիրենք, երբեք չեն ունենար անկեղծ գնահատականի մը գոհացումը եւ կը գործեն անուղեցոյց, անկողմնացոյց։

Գրեթէ տասը տարիներու վրայ երկարող՝ «Մեսրոպեան» ազգային վարժարանի ծառայութեանս ընթացքին, փորձած եմ կանգնիլ արդարութեան, ճշմարտութեան, անկեղծութեան, խղճմտանքի եւ հայրենասիրութեան չափանիշներուն ետին, որոնցմով առաջնորդուած են իմ բոլոր քայլերս՝ իբրեւ մարդ, հայ եւ իբրեւ տնօրէն։ Պէտք է խոստովանիմ, որ մեծաւ մասամբ, շրջապատէն ստացած եմ համապատասխան վերաբերմունք, ընդհանրապէս…
«Այս տասնամեայ փորձառութիւնս հարստացուց իմ կեանքս ու ամրապնդեց հաւատքս՝ ծառայելու մարդկութեան ու հայութեան. ուստի, նոր սերունդին եւս արժէքային համակարգ ունենալու անհրաժեշտութիւնը կ՛ուզեմ փոխանցել։
«Սիրելի շրջանաւարտներ, բնականաբար նոյն պատգամը կը փոխանցեմ։ Հաշուետու եղէք դուք ձեր անձին։ Եղէք արդարադատ եւ ճշմարտասէր, անկեղծ ու խղճամիտ եւ մանաւանդ՝ հայրենասէր։ Վստահ եղէք, որ ձեր բոլոր քայլերն ու որոշումները կը համապատասխանեն ձեր կազմած արժէքային համակարգին, եւ այդ թող ըլլայ ձեր կեանքի ուղեցոյցն ու կողմնացոյցը։
«Իբրեւ տնօրէն, այս իմ հրաժեշտի պատգամս է։ Ես ալ, իմ կարգիս, կը սկսիմ նոր ուղեւորութիւն մը՝ հետապնդելով անձնական նպատակներ ու երազներ։ «Մեսրոպեան» ազգային վարժարանէն ներս ունեցայ տասը վարձահատոյց տարիներ՝ սատարելով Սփիւռքի հայկական վարժարանի մը առաքելութեան. փափաքած եմ հայ պատանիին ներշնչել հպարտութիւն՝ մեր մշակոյթին եւ աւանդութիւններուն հանդէպ, անոր մտքին եւ սրտին մէջ դրոշմելով մեր ազգային արժէքները։
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ հեռու մնալու ամհիմն հասկացողութիւններէ ծնած եւ անհատական շահեր հետապնդող բացասական երեւոյթներէ. այլ համախմբուիլ Ազգային վարժարանի վերելքին սատարող գործընթացներուն շուրջ։
«Կը փափաքիմ յատուկ շնորհակալութեան խօսք յայտնել ուսուցչական եւ վարչական կազմերուն, որոնք այս տարիներուն ընթացքին նեցուկ կանգնեցան ինծի եւ մնացին հաւատարիմ ու նուիրուած իրենց ասպարէզին։
Շնորհակալութիւն այն ծնողներուն, որոնք տնօրէնութեանս շրջանին քաջալերեցին զիս։ Կը գնահատեմ նաեւ օժանդակ մարմիններուն ցուցաբերած անսակարկ նուիրումը։
Շնորհակալութիւն բոլոր տնտեսական մարմիններուն եւ ուսումնական խորհուրդի անդամներուն, մասնաւորապէս, ատենապետներ տօքթ. Արմէն Ղալեանի, Տիգօ Սուլահեանի, Սագօ Նուրեանի եւ ներկայ ատենապետ Փիթըր Աւետիսեանի, որոնք սատար հանդիսացան վարժարանիս վերելքին։
«Յատուկ շնորհակալութիւններ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի անդամներուն եւ յատկապէս ատենապետ Մարք Կետիկեանի, իրաւաբան Քրիս Քէօսեանի եւ Մակի Սարգունիի, որոնք յատուկ հոգատարութիւն ցուցաբերեցին վարժարանիս հանդէպ։

Շնորհակալական խօսք ունիմ բոլոր անոնց, որոնք մինչեւ օրս անխտիր կը գործեն իմ կողքիս՝ վար պահելով ազգային վարժարանի մը առաքելութեան գիտակցութիւնը։
«Սիրելի շրջանաւարտներ, կեանքի գիրքը ձեզ կը սպասէ։ Ողջունեցէ՛ք այդ ուղեւորութիւնը, երբ կը «գրէք» ձեր յաջորդ համարը։
Կը շնորհաւորեմ ձե՛զ, իբրեւ 2010ի հունձք, բարի երթ բոլորի՛դ»։