Նաւասարդեան խաղերու աւարտը ազդարարուեցաւ: Համայնքի մեծագոյն, զանգուածային ամէնէն մեծ տարողութիւնը ունեցող այս ձեռնարկը, անգամ մը եւս յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ շնորհիւ հարիւրաւոր ՀՄԸՄականներու նուիրաբերումին, զոհողութիւններուն, անոնց կամաւոր հոյակապ աշխատանքին:
Սփիւռքի մէջ Նաւասարդեան խաղերու չափանիշներով ձեռնարկ կազմակերպելու յանդգնութեան աղբիւրը այս կամաւորներու բանակն է, անոնց յանձնառութեան ոգին, որ տարուէ տարի կը նորոգուի, նոր աւիշով կը հզօրանայ:
Ապրի՛ն կամաւորները: Նաւասարդեան կամաւորական բանակին ընդմէջէն, մեր երախտագիտական զգացումները կ՛ուզենք հասցնել նաեւ մեր համայնքին մէջ հայապահպանութեան գործին լծուած բոլոր հաստատութեանց ու միութիւններէն ներս աշխատող հազարաւոր կամաւորներուն, բոլորին, անկախ անոնց նուիրումի չափէն ու տարողութենէն:
Վարձքերնիդ կատար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.