Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Շնչասլոցը ձայնաւոր շնչառութիւն է: Կայ երկու տեսակ շնչասլոց՝
Ա. Թոքային շնչասլոց (wheezing)
Բ. Արտաթոքային շնչասլոց (strider)
Ա. Թոքային շնչասլոցը ախտանշան մըն է, որ ընդհանրապէս լսելի կ՛ըլլայ բժիշկին կողմէ, երբ ան իր ընկալուչով մտիկ կ՛ընէ հիւանդին կրծքավանդակը: Ան յաճախ կը նշմարուի նաեւ հիւանդին եւ իր շուրջ գտնուողներուն կողմէ: Թոքային շնչասլոցը, որ բարակ սլոց մէն է, հետեւանքն է ցնցուղներու (bronchus) եւ ցնցղիկներու (bronchiol) նեղացումին, եւ կամ մասնակի խցումին: Ան ինքնին հիւանդութիւն մը չէ, այլ ախտանշան է շատ մը թոքային հիւանդութիւններու:
Զանազան հիւանդութիւններով ցնցուղները եւ ցնցղիկները կը նեղնան եւ մասնակի կը խցուին: Այս հիւանդութիւններէն կարելի է յիշել հետեւեալները.
ա) Հիմնական թոքային հիւանդութիւններ՝
1. Ազմ
2. Թոկատապ
3. Ցնցղատապ (brobchitis) եւ ցնցղիկատապ (bronchiolitis)
4. Օտար մարմիններու գոյութիւնը ցնցուղներու եւ ցնցղիկներու մէջ
5. Թոքի լաւորակ եւ չարաղէտ ուռեցքներ-խլիրդ
բ) Երկրորդական ոչ-թոքային հիւանդութիւններ՝
1. Սրտի որոշ հիւանդութիւններ
2. Սուր գերզգայնական անդրադարձ (acute allergic reaction)
Թոքային շնչասլոցը կրնայ ըլլալ տեղայնական կամ լայնատարած:
Տեղայնական թոքային շնչասլոցը կը պատահի որոշ ցնցուղի մը կամ ցնցղիկի մը մասնակի խցումով, որ կը յառաջանայ օտար մարմինի մը գոյութեամբ կամ լաւորակ ու չարաղէտ ուռեցքի մը գոյութենէն:
Լայնատարած թոքային շնչասլոցը կը պատահի խումբ մը ցնցուղներու կամ ցնցղիկներու մասնակի խցումով-նեղացումով, որ կը յառաջանայ թոքային հիմնական հիւանդութիւններու:
Թոքային շնչասլոցի գոյութեան պարագային, կը կատարուին բժշկական շատ միջոցառումներ եւ քննութիւններ, որպէսզի ճանչցուի անոր գոյութեան բուն պատճառը: Այս քննութիւններէն կարեւորագոյններն են թոքերու պարզ եւ մասնագիտական յատուկ ճառաքայթի նկարահանումներ, ցնցղադիտակում (bronchoscopy), գերզգայնութեան քննութիւններ եւ սրտի հիւանդութիւններու յատուկ քննութիւններ:
Թոքային շնչասլոցը կ՛անհետանայ՝ դարմանելով հիւանդին հիմնական ախտը:
Բ. Արտաթոքային շնչասլոցը, որ հաստ սլոց մըն է, կը պատահի ընդհանրապէս ներշնչման ընթացքին: Ան հետեւանքն է վերին շնչարական համակարգի մասնակի խցումին, որ կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդութիւններու գոյութենէն.
ա) Խռչափողային հիւանդութիւններ՝
1. Մակկոկորդի (epiglottis) ծաւալում
2. Հազամղցուկ (croup)
3. Կեղծմաշկ (diphtheria)
4. Օտար մարմինի մը գոյութեամբ խռչափողին մէջ
5. Ձայնալարերու լաւորակ ուռեր եւ չարաղէտ-խլիրդ
6. Խռչափողային գերզգայնութիւն
7. Խռչափողի թուլացում-խռչափողակակղանք (laryngomalacia)
8. Խռչափողատապ
բ) Շնչափողային հիւանդութիւններ՝
1. Շնչափողի թուլացում-շնչափողակակղանք (tracheomalacia)
2. Շնչափողի լաւորակ կամ չարաղէտ ուռեր
3. Շնչափողային օտար մարմիններ
գ) Արտախռչափողային հիւանդութիւններ՝
1. Վիզի լաւորակ եւ չարաղէտ ուռեր-խլիրդ
2. Վահանագեղձի ծաւալում եւ ուռեցք
3. Յետըմբանային ուռեր եւ թարախկոյտ (retropharyngeal abscess)
Արտաթոքային շնչասլոցը կը նշմարուի թէ՛ հիւանդին եւ թէ զինք քննող բժիշկին կողմէ: Խռչափողային պզտիկ խցումներ կը յառաջացնեն մեղմ արտաթոքային շնչասլոց, որ կը նշմարուի բժիշկին կողմէ, երբ ան իր ընկալուչով կը քննէ հիւանդին վիզը. իսկ խռչափողային մեծ խցումները կը յառաջացնեն բարձրաձայն արտաթոքային շնչասլոց, որ կը նշմարուի առանց ընկալուչի, թէ՛ հիւանդին եւ թէ բժիշկին կողմէ:
Մակկոկորդը, որ կը գտնուի խռչափողի սկզբնաւորութեան, կը ծաւալի բորբոքումով եւ գերզգայնութեամբ: Ծաւալած մակկոկորդը կը խցէ խռչափողը մասնակիօրէն, ուստի ազատ շնչարութիւն տեղի չունենար ու կը յառաջանայ շնչասլոցը:
Կեղծմաշկը մանկական ցպկային հիւանդութիւն մըն է, որ կը հարուածէ խռչափողը եւ կը յառաջացնէ խռչափողի ներքին մակերեսի եւ ձայնալարերու սուր բորբոքում, ինչպէս նաեւ՝ խռչափողային մասնակի խցում:
Հազամղցուկը դարձեալ մանկական ցպկային հիւանդութիւն մըն է, որուն թիրախն են ձայնալարերը: Խռչափողի խցումը, այս պարագային, կը պատահի ձայնալարերու ծաւալումով:
Խռչափողային եւ շնչափողային օտար մարմիններ եւ լաւորակ ու չարաղէտ ուռեր կը խցեն խռչափողը՝ համաձայն իրենց մեծութեան:
Խռչափողատապի հետ միասին, կը պատահի ձայնալարերու եւ թաղանթային ծաւալում ու խռչափողի մասնակի խցում:
Խռչափողի եւ շնչափողի թուլացումով, խռչափող եւ շնչափողը կը կորսնցնեն իրենց աճառային ամուր կառոյցը, ինչ որ նոյնպէս խցում կը յառաջացնէ:
Շնչափողատապի հետ միասին կրնայ պատահիլ շնչափողի խլնաթաղանթային ջրուռեցք եւ մասնակի խցում:
Վիզի եւ վահանագեղձի ուռերը, ինչպէս նաեւ ծաւալուն վահանագեղձը, կը ճնշեն խռչափողին վրայ եւ կրնան յառաջացնել անոր մասնակի խցումը:
Վերոյիշեալ բոլոր հիւանդութիւններու դարմանումով վերջ կը գտնէ արտաթոքային շնչասլոցը:
Արտաթոքային շնչասլոցի պարագային, պէտք է կատարուին վիզի եւ թոքերու նկարահանում, խռչափողադիտակում (laryngoscopy) եւ շնչափողադիտակում (bronchoscopy), որպէսզի ախտաճանաչուի հիմնական հիւանդութիւնը:
Արտաթոքային շնչասլոցը կ՛անհետանայ՝ դարմանելով ախտաճանաչուած հիմնական հիւանդութիւնը: